Քաղաքական բանտարկեալներուն եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն աջակցող ցոյց՝ Երեւանի մէջ

Քաղաքական բանտարկեալներուն եւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն աջակցող ցոյց՝ Երեւանի մէջ

ԵՐԵՒԱՆ․- 29 Հոկտեմբերին, Ազգային ժողովին մօտ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց` ի պաշտպանութիւն Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներու եւ Պաքուի մէջ պատանդառուած հայ գերիներու:

Ցոյցին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան, Հ.Յ.Դ.-ի երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներու, այլ քաղաքական ուժերու, հասարակական միաւորումներու երիտասարդներ: Ազգային ժողովին մէջ այդ պահուն կ՛ընթանար «Եւրանեսթ»-ի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստը, եւ ցոյցին մասնակիցները փորձեցին իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւրոպացի խորհրդարանականներուն համար:

«Մեր կոչն է միջազգային հանրութեան, որ երկակի չափանիշեր չկիրարկէ եւ յստակ պատժամիջոցներ կիրարկէ իշխանական այն ներկայացուցիչներուն նկատմամբ, որոնք կ՛ուղղորդեն դատական համակարգը «Էս. Էմ. Էս.» հաղորդագրութիւններով եւ Ազգային ժողովի այն դահլիճին մէջ, ուր դուք հիմա կը գտնուիք: Այդ մարդը ամիսներ առաջ ըսած է, որ ընդդիմախօսներուն տեղը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նկուղներուն մէջ է: Դուք պէտք է հասկնաք, որ չէք կրնար պաշտպանել իշխանութիւն մը, որ ամէն օր կը գործէ օրէնքէն դուրս», ցոյցին ժամանակ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան` դիմելով եւրոպացի խորհրդարանականներուն:

Ցոյցին կը մասնակցէին նաեւ Հ.Յ.Դ. «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան երիտասարդները: Վարչութեան ատենապետ Միրօ Սարգսեան անգլերէն ելոյթով դիմեց եւրոպացի խորհրդարանականներուն. «Յարգարժան պատուիրակներ, այսօր դուք հաւաքուած էք այստեղ` քննարկելու Արեւելեան գործընկերութեան շրջանին եւ անկէ դուրս վերաբերող կարեւորագոյն հարցեր: Այս բողոքի ցոյցին միջոցով մենք ցանկանք ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել քանի մը հրատապ` թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին հարցերու վրայ: Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար հանդուրժել ցեղային զտումները, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, պատանդներու խոշտանգումները, արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի մերժումը, Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի բռնագրաւումը, մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումները եւ այլ յանցագործութիւններ, որոնք կատարուած են Ազրպէյճանի` իբրեւ շրջանին մէջ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկրի կողմէ: Պատմութիւնը, յատկապէս վերջին շրջանին, ապացուցած է, որ անպատժելիութիւնը կը յանգեցնէ յատկապէս մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու: Այսօր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան պատրանք է: Քաղաքական բանտարկեալներու այս պաստառները, որ կը տեսնէք, այդ պատրանքի կենդանի ապացոյցն են»:

Հ.Յ.Դ. Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան անդամ Լիլիթ Գէորգեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ընդհանրապէս չկայ ժողովրդավարութիւն եւ խօսքի ազատութիւն:

Share