ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ՝ Տարօն Տ. Խաչատուրեանի եզրափակիչ խօսքը Բրբէնքի Մայիս 28ի տօնակատրութեան
Սիրելի հիւրեր, ներկաներ, յարգելի ընկերներ,
Թուականներ կան ազգերու պատմութեան մէջ, ընդամէնը մէկ ձեռքի վրայ հաշուող, որոնք մի՛շտ կը յիշատակուին, որոնք վճռորոշ դեր ունին տուեալ ազգի պատմութեան մէջ, անոր լինելութեան մէջ: Այդ թուականներէն ահա՛ հայութեան պարագային 1918-ի Մայիս 28-ն է, ուր հայ ժողովուրդը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեամբ կրցաւ վճռել իր անկախութեանը և ստրկութեան միջեւ, իր արժանապատիւ ապրելուն ու ենթարկուելուն միջեւ, մէ՛կ խօսքով իբրեւ ազգ իր կենսագործելուն կամ մի անգամ ընդմիշտ այլոց լուծին տակ ծուարելուն և իր գոյութեանը գարշ տալուն միջեւ:
Եւ որովհետեւ ազգերու պատմութեան մէջ հազուադէպ է որ այդ բնոյթի ջրբաժան երկընտրանքներ ըլլան, հայութեան այդ ճգնաժամը յաղթանա՛կով աւարտելուն և հայ ինքնիշխան պետութեան վերահաստատուելուն համար է որ մենք, իբրեւ ՀՅԴ, 1921-էն 1991 Սովէտի օրերուն ամէն տարի տօնեցինք Հայաստանի անկախութեան այդ պանծալի օրը, ջատագովը հանդիսացանք 1968-ին Սարդարապատի յուշակոթողով ու Պարոյր Սեւակով դրոշմուած անոր հայրենի արժեւորմանը, և 1991-ի Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, ամէն առիթով փայփայեցինք անոր իմաստն ու կարեւորութիւնը, մերօրեայ Հայաստանը յաւիտենականացնելու և անոր շուրջ կերտելու մեր համազգային իրաւունքներն ու երազանքները:
1918-ին մեզի արտօնուած չէր յաղթել թուրքին և յաղթեցինք: Արտօնուած չէր հայապատկան ինքնանկախ ու ազատագրուած հողեր ունենալ և ունեցանք: Արտօնուած չէր մեր երեք հազարամեայ բնօրրանի մէկ մասը անուանել Ազատ ու Անկախ Հայաստան և յայտարարեցինք: Ո՛չ թշնամին զիջելու մթնոլորտին մէջ էր, ո՛չ ալ բարեկամն ու դաշնակիցը’ օգնելու:
Հայու աննկու՛ն կամքն էր որ Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած ղեկավարներով տրամադրեց քաղաքական ու զինուորական առաջնորդութիւն, կերտեց յաղթանակներ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ-Ապարանի մէջ, ու ետ մղեց ցեղասպան և արիւնարբու թուրքը:
Առաջնորդութիւնը, այսինքն leadership-ը, հիմնական գրաւականն է տուեալ հարցի յաջողութեան: Ահա՛ այդ առաջնորդութեան պակասն է որ մերօրեայ Հայաստանը, մեր պատմական հայրենիքին մէկ մասը, վերջին 7 տարիներուն յատուկ կերպով թիրախաւորուած է, ու անոր ընթացքը ենթակայ է անծայրածիր վերիվայրումներու:
Շա՛տ հեշտ է յուսալքուիլ ի տես մեր 44-օրեայ պատերազմին կրած պարտութեան, Հայաստանի անվտանգային և կառավարման ճգնաժամին, Արցախի մէջ գործադրուած ցեղասպանութեան, ցեղային զտումին ու անոր Ազրպէյճանի բռնակցման: Ի տես սփիւռքը պառակտելու փորձերուն ու անհանդուրժողութեան անթոյլատրելի մակարդակին:
Սակայն, իբրեւ Մայիս 28-ն կերտած կուսակցութիւն, իբրեւ այդ օրուան ժառանգորդներ, մենք մեր առջեւ դրած ենք մեր անկախ պետականութեան հզօրացման օրակարգ, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան և ինքնիշխանութեան վերականգնումի և անվտանգութեան ապահովման հարց, Արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի և սեփական ճակատագիրը տնօրինելու հրամայական, և այս բոլորը, ո՛չ ի հեճուկս Հայաստանին, Սփիւռքը քաղաքականացնելով և հզօրացնելով, մի՛շտ ի սպաս հայրենիքին:
Այս լայն օրակարգին մէջ, մենք մեր ներշնչումն ու օրինակը կ’առնենք մեր Մայիսեան հերոսներու խոյեանքէն, անոնց նուիրումէն ու զոհաբերութեան ոգիէն, անոնց հայրենիքի փրկութեան տածած հաւատքէն ու կամքէն:
Փառք անոնց վաստակին: Փառք անոնց մեզի ձգած կտակին ու աւանդին: Յարատեւ պայքար մինչեւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն իրականացումը: