ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւն
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, ոչ մէկ կառավարութիւն այսքան քայլեր առած է ծունկի բերելու ժողովուրդը, որքան Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը։
Սպիտակ տան մէջ Ամերիկայի նախագահ Թրամփի եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներ Փաշինեանի ու Ալիեւի միջեւ հանդիպումը աղէտալի հետեւանքներով լեցուն իրադարձութիւն մըն է։
Հարցը այն է, որ գոյացած եւ միայն մէկ կողմին ի նպաստ «խաղաղութեան համաձայնութիւն»ը գործնականին մէջ կը վարձատրէ Ատրպէյճանի բռնարարքները, կը հանդիսանայ Հայաստանի գերիշխանութեան կորուստին նախերգանքը, կ՛ոտնակոխէ Արցախի իրաւունքները եւ կ՛ամրապնդէ հայ գերիները՝ իբրեւ բանակցութեան խաղաթուղթ գործածելու թշնամիին մօտեցումը։ Ցաւալին այն է, որ շատեր, ըլլա՛ն անոնք հայեր կամ օտարներ, կը հաւատան այս խաբկանքին։
Իրական եւ տեւական խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուի եւ արմատաւորուի բոլորին համար արդարութեան վրայ, ներառեալ՝ նախայարձակ կողմին հաշուետուութեան։ Խաղաղութիւնը չի կրնար տեւական ըլլալ, երբանիկա հիմնուած է ցեղային մաքրագործումի եւ ցեղասպանութեան լռելեան քաջալերանքին, ժողովուրդի մը ինքնորոշման տարրական իրաւունքը խլելուն, նախայարձակին մարդկային իրաւանց ոտնահարումներուն անտեսումին, Պաքուի մէջ պահուող գերիները բանտարկուած պահելու որոշումին վրայ։ Անիկա չի կրնարըլլալ ի գին ժողովուրդի մը կողմէ դժուար խլուած ազատութիւններուն եւ անոր ազատ ապագային։
Այսօր, Սպիտակ տունէն հնչած միացեալ յայտարարութիւնը կ՛անտեսէ Արցախէն տեղահանուած 150,000 հայերու ապահով վերադարձի իրաւունքը, սակայն, անիկա կ՛իրականացնէ անհաւատալի թուացող՝ օրինականացումը Ատրպէյճանի կողմէ իրագործուած հայոց նոր ցեղասպանութեան, Արցախի բռնագրաւումին եւ Հայաստանէն հողերու գրաւումին։ Անոր մէջ ոչ մէկ խօսք կայ Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու մասին, սակայն, անոր պայմաններով, պատմութեան կ՛անցնի ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակը՝ առանց անոր փոխարէն հայութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը երաշխաւորող միջոցներու։ Անիկա նաեւ հարուած մը կը հասցնէ Հայաստանի գերիշխանութեան, հաստատելով Սիւնիքէն անցնող «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ճամբայ»ն (TRIPP), որ կը հանդիսանայ «Զանգեզուրի միջանցք»ին նոր տարբերակը եւ ընդարձակ իրաւասութիւններ կը շնորհէ ամերիկեան կողմին։
Պարոն Փաշինեան,
Չէք կրնար հայութեան անունով սակարկել մեծ զոհողութիւններով լեցուն անցեալը, մեր հնարքներով լեցուն եւ արդիւնաբեր անցեալը եւ յատկապէս՝ մեր զաւակներուն ապագան։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքին մասին հարցումին դիմաց ձեր լռութիւնը հսկայ եւ ամօթալի բաց մը ձգեց։ Պապանձած եւ շուարած էիք, աշխարհի մեծագոյն բեմին վրայ։
Դժբախտաբար եւ զարմանալիօրէն յաջողած էք ըլլալ միայն Ճէյ. Լոն սիրող, Արցախով դժգոհ, Արեւմտեան Հայաստանը հերքող, հայոց պատմութիւնը լուսանցքի մէջ նետող, ժողովրդավարութիւնը քանդող եւ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակող Հայաստանի վարչապետ մը։ Դարձեալ փաստեցիք, որ արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտ մը չէք եւ աւելի վատը՝ որ մեղսակից էք արեւելքի եւ արեւմուտքի դրացիներուն հետ, անոնց համաթրքական ընդարձակման երազը իրականացնելու ծրագրին մէջ, որուն առաջին քայլը Հայաստանէն անցնող միջանցքն է, որ իրականացաւ հակառակ ձեր բազմաթիւ պնդումներուն։ Ասոր պիտի յաջորդէ Թուրքիոյ հետ սահմանին բացումը, որուն պատճառով Հայաստանի տնտեսութիւնը ենթակայ պիտի ըլլայ թրքականին, ինչ որ պիտի առաջնորդէ մահացու՝ Հայաստանի բռնագրաւման։
Հակառակ այն իրողութեան, որ համաձայնութիւնը իրականացումն էր ձեր կողմէ յառաջ մղուած օրակարգին, անիկա նաեւ նախաքայլը կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութեան ստորագրութեան։
Պարոն Թրամփ,
Այս քայլը ձեզի առիթ կու տայ հայութիւնը եւ յատկապէս ամերիկահայութիւնը յուզող՝ Արցախի հայութեան ապահով վերադարձին եւ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներու ազատ արձակումը ապահովելու գծով շինիչ քայլեր առնելու եւ հաշուետուութիւնը պահանջելու մարդկային տարրական իրաւունքներ ոտնակոխած կողմերէն։
Սիրելի հայեր,
Այժմ, որեւէ ատենէ աւելի պէտք է ամուր եւ հաստատ մնանք, միակամ ըլլանք Հայկական Հարցին մեր արդար իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Այս հսկայ նահանջը պէտք չէ մեզմէ խլէ մեր կեդրոնացումը, պայքարելու կամքը, որպէսզի շարունակենք ջատագովել հայութեան եւ մեր հայրենիքի շահերը։
Մեր պարտաւորութիւնը իսկական խաղաղութեան եւ արդարութեան համար պայքարիլն է եւ պահանջելըԹրամփի վարչակազմէն, որ այս նպատակներուն իրականացումը նպաստաւոր են ոչ միայն հայութեան եւ Հայաստանի համար, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր պաշտպանած արժէքներուն համար։ Մեր պարտականութիւնը երաշխաւորելն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւս տեսնէ իր քաղաքականութեան քանդիչ հետեւանքները, որպէսզի իր ուղղութիւնը փոխէ, կամ փոխարինուի այլ վարչակազմով մը։
Կոչ կ՛ընենք մեր համայնքին, որ իր ձայնը հասցնէ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւններուն եւ հետեւի այս նպատակով Հայ Դատի յանձնախումբէն գալիք ցուցմունքներուն։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
8 Օգոստոս 2025