Հայ-Ամերիկեան միացեալ «Արծիւ Գործընկեր-2025» ռազմափորձերը

Հայ-Ամերիկեան միացեալ «Արծիւ Գործընկեր-2025» ռազմափորձերը

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Հ․ Պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցելու նախապատրաստութեան գործողութիւններու ծիրէն ներս, Օգոստոս 12–20 Հայաստանի մէջ տեղիպիտի ունենան «Արծիւ գործընկեր-2025» հայ-ամերիկեան միացեալ ռազմափորձերը, որուն կը մասնակցին Հայաստանի բանակի խաղաղապահ վաշտը, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ամերիկեան բանակի ցամաքային զօրքերու եւ Քանսասի ազգային պահակազօրքի ծառայողները։

Ռազմափորձերուն նպատակն է բարձրացնել միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մասնակցող ստորաբաժանումներուն փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը եւ փոխանակել կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցութեան փորձառութիւնը:

Share