Հ.Յ.Դ Յունաստանի երիտասարդական միութեան պատգամաւորական ժողով

Հ.Յ.Դ Յունաստանի երիտասարդական միութեան պատգամաւորական ժողով

Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան ­Ֆիք­սի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի խում­բե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի հար­ցե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան Ընդհ. վա­րիչ մար­մի­նը, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ շրջան­նե­րու կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ «Ա­զատ Օր»-ը։

Ա­ռա­ջին օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, ման­րա­մասն քննո­ւե­ցաւ անց­նող տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցան միու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէն ներս։ ­Ժո­ղո­վը իր գնա­հա­տա­կա­նը ուղ­ղեց զա­նա­զան ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն մա­սին, ը­նե­լով հա­մա­պա­տաս­խան քննար­կում­ներ գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան եւ յա­ջո­ղու­թեան առն­չու­թեամբ։

Երկ­րորդ օ­րը, ժո­ղո­վը ան­ցաւ նոր տա­րեշր­ջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման եւ կա­տա­րեց բազ­մա­տե­սակ ա­ռա­ջարկ­ներ շարք մը բնա­գա­ւառ­նե­րու մա­սին, կազ­մե­լով նոր աշ­խա­տանք­նե­րու շրջա­գի­ծը։ Ա­նոնց շար­քին էին կազ­մա­կերպ­չա­կան եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց­նե­րը եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու ա­ռա­ւել օգ­տա­գոր­ծու­մը։ ­Մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներգրա­ւու­մը, ակմ­բա­յին կեան­քին ա­ռա­ւել ծաղ­կու­մը եւ ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի յա­րա­տե­ւու­մը։

­Ժո­ղո­վը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թամբ անդ­րա­դար­ձաւ Եւ­րո­պա­յի Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թիւնն­րուն հետ գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ լայ­նօ­րէն քննո­ւե­ցան ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման, Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի կա­պակ­ցու­թեամբ եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին քա­ղա­քա­կան ու քա­րոզ­չա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րը։

Ա­ւար­տին, ընտ­րո­ւե­ցաւ նոր ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կազ­մը:

Share