ՀՅԴ Բիւրոն սրտի անհուն կսկիծով կը ցաւակցի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ՀՅԴ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի ընկերներուն՝ հաւատաւոր դաշնակցական ընկերուհի ՀԱՅԿՈՒՇ ԳԵՂԻՆԵԱՆ-ՔՈՀԼԸՐ-ի մահուան կապակցութեամբ։
Հանգուցեալ ընկերուհիի անունը իբրեւ բարերար մշտապէս պիտի յիշուի՝ Հայ Դատին, Արցախին, Ջաւախքին եւ ազգային տարբեր կառոյցներու իր ցուցաբերած անսակարկ հոգատարութեանց եւ հովանաւորութեանց համար։
Յարգա՛նք վաստակին՝
ՀՅԴ Բիւրօ
14 Յուլիս, 2025