ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ի գիտութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք, որ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի տնօրի-նութեամբ կատարուեցան հետեւեալ նշանակումները․-
Հոգեշնորհ Տէր Սասուն Ծ.Վրդ. Զմրուխտեան
Թեմիս Stewardship Program-ի Հոգեւոր պատասխանատու:
Արժանապատիւ Տէր Զաւէն Քահանայ Մարկոսեան
Թեմիս Սարկաւագներու Խորհուրդի Հոգեւոր Պատասխանատու:
Արժանապատիւ Տէր Մաշտոց Քահանայ Քէշիշեան
Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Մարմնի Հոգեւոր Պատասխանատու։
Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան
Թեմիս Scholarship board-ի Հոգեւոր Պատասխանատու։
Արժանապատիւ Տէր Մեսրոպ Քահանայ Աշ
Թեմիս Ամառնային ճամբարի զոյգ յանձնախումբերու Հոգեւոր Պատասխանատու։
Արժանապատիւ Տէր Աւետիս Քահանայ Աբովեան
Թեմիս Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդանց կազմակերպութեան ACYO Հոգեւոր Պատասխանատու։
Արժանապատիւ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեան
Թեմիս «Զուարթնոց» յանձնախումբի Հոգեւոր Պատասխանատու։
Բարեշնորհ Յովհաննէս Սարկաւագ Գումրուեան
Թեմիս Շաբաթօրեայ Դպրոցներու Պատասխանատու։
Այս առթիւ Բարձրաշնորհ Սրբազանն ու Թեմական Խորհուրդը կը շնորհաւորեն բոլոր մարմիններն ու անոնց հոգեւոր պատասխանա-տուները, աղօթելով առ Ամենաբարին Աստուած, որ յաջողութիւն պարգեւէ բոլորի նուիրեալ աշխատանքներուն, որպէսզի հաւաքական ու անխոնջ ծառայութեամբ առաւել ծաղկի Արեւմտեան Թեմը իր բոլոր ծուխերով ու յարակից կառոյցներով: Յայտնենք, որ ի մօտոյ պիտի կատարուին այլ նշանակումներ, որոնց մասին իրազեկ պիտի պահուին Արեւմտեան Թեմի մեր հաւատացեալները։
Դիւան Առաջնորդարանի
Մայիս 22, 2025