Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի տարեկան «Կալա» ձեռնարկը պիտի համախմբէ գաղութիս ղեկավարները, բարերարներն ու նուիրատուները կարեկցութեան եւ ծառայութեան վրայ հիմնուած միասնաբար ներշնչելու եւ նպաստելու մեր գաղութի ապագայի կերտման։ Այս տարուան թեման է «Ոգեւորէ՛ Բարեփոխութիւն. Կերտէ՛ Ապագան» որուն օրինակ կը ծառայեն այս տարուան գնահատանքի արժանի բարերարներ Տէր եւ Տիկին Համլէթ եւ Կրեթա Չրախչեանները, ինչպէս նաեւ ընկերուհի Սեդա Խոճայեանը։


Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 22, 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, The Landmark, 10635 Woodman Ave., Mission Hills, CA 91345 սրահէն ներս։
ՀՕՄը 116 տարիներէ ի վեր դարձած է հայ կեանքին անբաժանելի մասը։ ՀՕՄը, տարիներ շարունակ ծառայած է հայ ժողովուրդին՝ իր ինքնութիւնը, կոչումը եւ հզօրութիւնը տեսնելով այդ ծառայութեան մէջ՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանով։ Մեր անդամ-անդամուհիները, առատաձեռն բարերարներուն օժանդակութեամբ, հաւատարմօրէն կը շարունակեն ՀՕՄի առաքելութիւնը, անկարելին կարելի դարձնելու կամքով իրագործելով կենսական ծրագիրներ։
ՀՕՄի տարեկան հանգանակային ձեռնարկի հասոյթը պիտի ծառայէ տեղական ծրագրերուն իրականացման, զարկ տալով ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութեան կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ համալսարանական ուսման։
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեր գաղութի հոգեւորական եւ ազգային կազմակերպութիւններու առաջնորդներ ու ներկայացուցիչներ, տեղական քաղաքական դէմքեր եւ միութեանս բարեկամներ։
Այս տարի եւս, յատուկ գնահատանքով պիտի մեծարուին բարերարներ եւ կամաւորներ որոնք տարիներ շարունակ հաւատացած եւ աջակցած են մեր ծրագիրներուն՝ նուիրեալ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Համլէթ եւ Կրեթա Չրախչեանները, ինչպէս նաեւ անսակարկ նուիրեալ ընկերուհի Սեդա Խոճայեանը։ ՀՕՄի Լաս Վեկաս, Նեվատայի «Շուշի» Մասնաճիւղի Վերժին Քուճաքեան Շաբաթօրեայ Վարժարանը ձեռնարկի հովանաւորներէն մին է։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին պիտի մասնակցի «Allen G.» նուագախումբը։
Ձեր տեղերը ապահովեցէք հեռաձայնելով ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան Գրասենեակ՝ (818) 500-1343, կամ գրելով office@arswestusa.org ենամակի հասցէին։
