Ծերակուտական Վան Հոլենի կոչը ի նպաստ Երուսաղէմի հայութեան

Ծերակուտական Վան Հոլենի կոչը ի նպաստ Երուսաղէմի հայութեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի Յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ծերակուտական Քրիս Վան Հոլենին (Դեմոկրատական -Մերիլենտ), որ պատշաճ յայտարարութեամբ մը, շեշտեց Երուսաղէմի մէջ ապրող քրիստոնեաներու (հայ առաքելական, յոյն առաքելական եւ լատին) պաշտպանութիւնը։ Ան այս բողոք-յայտարարութիւնը յղեց, Իսրայէլի մօտ Ա․Մ․Ն․ դեսպան՝ Մայք Հաքըպիին։

Մանրմասն տեղեկութիւններով, ան ներկայացուց կացութիւնը, շեշտելով, որ շտապօրէն պէտք է կատարուի միջամտութիւն՝ պաշտպանելու վտանգուած քրիստոնէական համայնքները։

Ան փաստաթուղթերով տեղեկացուց, պատմական հաստատութիւններուն դէմ յանդիման գտնուող սպառնալիքները, ներառեալ բնակիչներու կատարած անվայել եւ բռնի ուժով արարքները։ Մասնաւորապէս անդրադառնալով Հայ Պատրիարքարանին, ան նշեց. «Փետրուարին, Երուսաղէմի քաղաքապետարանը սկսաւ գրաւման գործընթաց Հայ Պատրիարքարանի ունեցուածքներուն դէմ, քայլ մը, որ կը սպառնայ ոչ միայն հայութեան, այլ ընդհանրապէս Երուսաղէմի քրիստոնէական ներկայութեան»։

Ծերակուտական Քրիս Վան Հոլեն նշեց բազմաթիւ միջամտութիւններ եւ յարձակումներ՝ ներառեալ քրիստոնէական Թայպէ գիւղին վրայ, եւ զգուշացուց, որ պատասխանատուութեան բացակայութիւնը ոչ միայն կը սպառնայ քրիստոնէական համայնքներուն, այլեւ կը տկարացնէ խաղաղութեան եւ արդարութեան բարոյական ու իրաւական հիմքերը։ Ան քննադատեց վերջին իսրայէլեան օրէնսդրական քայլերը, որոնց կարգին յատկապէս «Արդար Վարձակալութեան Օրէնքը», որ կ’արտօնէ երկարաժամկէտ վերահսկողութիւն եկեղեցական հողերուն վրայ՝ առանց իրենց համաձայնութեան, փաստօրէն չէզոքացնելով կրօնական հաստատութիւններուն  ինքնավարութիւնը։

Հայոց Թաղամասը, որ հիմնուած է քրիստոնէութեան առաջին դարերուն, կը նկատուի Սուրբ Երկրի ամենահին քրիստոնէական համայնքներէն մէկը։ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակելէն ետք՝ 301 թուականին, հայ ուխտաւորներն ու ճգնաւորները շարունակաբար ներկայութիւն պահպանած են Երուսաղէմի մէջ։ Թաղամասի հաստատութիւնները՝ կեդրոնացած 7-րդ դարու Սուրբ Յակոբ Պատրիարքարանի շուրջ, ծառայած են եւ կը ծառայեն, որպէս ուխտաւորներու ապաստարան, ուսման եւ մշակոյթի կեդրոն, եւ որպէս սրբավայր՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն։ Այսօր, անոր եկեղեցիները, դպրոցները, մատենադարանները եւ բնակարանները կը գտնուին սպառնալիքներու տակ, որոնք կրնան ջնջել այս հին ժառանգութիւնը։ Հայոց Թաղամասը մարմնաւորած է այս քաղաքի դարաւոր համակեցութիւնը եւ մշակութային ներդաշնակութիւնը։ Անոր կորուստը պիտի խախտէ Հին Քաղաքի հաւասարակշռութիւնը եւ յաւիտեան փոխէ անոր պատմական դիմագիծը։

Նշենք, թէ Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» կոչուող տարածքը կը շարունակէ մնալ պայքարի եւ բախումներու կեդրոն:

Աւելի Քան տարի մը առաջ, ոստիկաններու հսկողութեամբ, ժամանած էին «Կովերու պարտէզ»-ը 98 տարիով վարձակալած իսրայէլեան ընկերութեան խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնք քանդած են հերթապահութեան երկու կեդրոնները:

«Կովերու պարտէզ»-ը իսրայէլեան կողմին պէտք էր անցնէր վիճայարոյց պայմանագիրով մը, որ կնքուած էր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին հետ, աւելի ուշ հայկական կողմը ամբողջովին չեղեալ յայտարարած էր պայմանագիրը եւ իր կարգին դատարան դիմած: Պարտէզը հայկական պահելու համար` տեղւոյն հայերը կը շարունակեն պայքարիլ:

«Կովերու պարտէզ»-ը կը գտնուի հայկական թաղամասի 25 առ հարիւրին վրայ: Իսրայէլեան «Քանսա Կարտընս» ընկերութիւնը ըստ այդ  վիճելի պայմանագիրին, կը փորձէ տիրանալ Հայոց պատրիարքարանի շինութիւններուն եւ հինգ տուներու` տեղը շքեղ պանդոկ կառուցելու նպատակով:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը փաստած է, որ ինք պայմանագիրէն տեղեակ չէ եղած, ատոր կնքման համար կը մեղադրէ արդէն կարգալոյծ յայտարարուած միաբան մը:

Share