Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս վարժարանի աւարտական աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին

Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս վարժարանի աւարտական աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին

Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2025-ի կէսօրին, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեցին Հոլիվուտի Ազգ. Ալեք եւ Ռոզ Փիլիպոս վարժարանի աւարտական 12-րդ կարգի աշակերտները:

Աշակերտական բացման խօսքին մէջ նշուեցաւ, որ 12-րդ կարգի աշակերտները Ազգ. Առաջնորդարան կ՛այցելեն, որպէսզի թրծուին Կեդրոնի հոգեւոր, պատմական եւ մշակութային ոգիով եւ այս առիթով կը հայցեն Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի հայրական օրհնութիւնը, որպէսզի՝ իբրեւ 2025 տարեշրջանի աշակերտական հունձք, երբ հրաժեշտ տան իրենց սիրելի վարժարանին, յաջողութեամբ շարունակեն իրենց համալսարանական ուսումնառութեան շրջանը եւ թէ կեանքի հետագայ հանգրուաններուն անխափան կրեն հայկական դրոշմ եւ ազգային ինքնութիւն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աշակերտական խումբին ուղղած իր պատգամին մէջ նշեց, որ երկու տեսակի դասաւանդութիւն կայ, դասարանին մէջ եւ դասարանէն դուրս՝ դիտել տալով, որ այս եւս դասապահ մըն է, որ ուղղակի կապ ունի աշակերտական տղոց պատկանելիութեան հետ: «Վաղը երբ մեկնիք ձեր վարժարանէն, պէտք է գիտնաք, որ հոս, այս Հոգեւոր կեդրոնին մէջ դուք տեղ ունիք, ձեր պատկանելիութիւնը սնուցանող հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային շրջապատ ունիք, եւ ինչ որ մինչեւ հիմա ստացաք Հայ Եկեղեցւոյ, ազգային վարժարանի, միութեանց եւ միջավայրի ճամբով, դուք ձեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն պիտի օգտագործէք՝ իբրեւ հայկական ինքնութեան եւ պատկանելիութեան կարեւոր ազդակներ»:

Խօսելով՝ անցեալ տարի դէպի Հայաստան կատարած իրենց աշակերտական ուղեւորութեան մասին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս այցելու աշակերտներուն թելադրեց օրագիր գրել հայրենիքի իրենց կեցութեան օրերուն մասին, որպէսզի աւելի ուշ երբ կարդան՝ լեցուին հրճուանքով եւ հայեցիութեամբ:

Աշակերտներու կողմէ ներկայացուած կոկիկ յայտագիրի աւարտին, տնօրէնուհի՝ Տիկին Օհանեան, Ազգ. Ա. եւ Ռ. Փիլիպոս վարժարանի անունով յուշանուէր յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ այնուհետեւ աշակերտները հրաւիրեց Ազգ. Առաջնորդարանի մատուռ եւ անոնց հետ միասնաբար «Հայր Մեր» աղօթեց, ապա հայցեց Հոգեւորին միջամտութիւնը իւրաքանչիւր աշակերտի կեանքէն ներս եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:

Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ աշակերտներուն իբրեւ նուէր տրամադրուեցան բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի «ես Գիրք եմ հայերէն» հատորէն օրինակներ

westernprelacy.org

Share