Ս. Մահսէրէճեան
…Իսկ մեկնաբանութիւնը՝ ընթերցողիս: Բոլորի աւարտին պէտք է արձանագրել՝ հասկցողին շատ բարեւ:
- Հիմա, երբ յայտնի դարձած է, որ ՆԱԹՕ-ին՝ Ուքրանիոյ անդամակցութեան հարցը սառնարան դրուած է, չըսելու համար, թէ օրակարգէ դուրս հանուած (սա պատերազմին մէկ ազդանշանը եղած էր), Եւրոպական միութիւնը Ուքրանիոյ առաջարկ կը ներկայացնէ, որպէսզի անդամակցի այս խմբակին, հաւաստելով, որ նման քայլ շատ օգտակար պիտի ըլլայ չորս տարիէ ի վեր քար ու քանդ եղող, զէնքի մուրացկան դարձած այդ երկրին: Եւրոպական միութիւնը ըստ էութեան տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան դաշտ է, պաշտպանական, ռազմական հարցերը իր «գլուխէն վեր են», անիկա ՆԱԹՕ-ին գործն է, իսկ ՆԱԹՕ-ի պոսն ալ Ուաշինկթընն է, որուն՝ Ուքրանիոյ տագնապին հանդէպ կեցուածքը գլխիվայր շրջուած է, շնորհիւ Թրամփ-Փութին ծանօթ համաձայնութեան:
- Իտալիոյ մէջ բողոքի հսկայական ցոյցեր եւ գործադուլ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ օր (կրնան շարունակուիլ եւ արձագանգ գտնել այլ երկիրներու մէջ): Ժողովուրդը բողոքի ելած է «Թրամփի սիրելի գործակից»(ներէն) վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի դէմ. դժգոհ է՝ որովհետեւ անոր կառավարութիւնը կրճատումի կ’ենթարկէ ընկերային ապահովութեան ու կրթական մարզերու եւ այլ հանրօգուտ պիւտճէները: Ցուցարար մը կ’աղաղակէր, թէ կառավարութիւնը ժողովուրդին համար առաջնահերթ եղող կալուածները կ’անտեսէ ու շինծու սպառնալիքներու պատճառաբանութեամբ կը բարձրացնէ պաշտպանութեան-սպառազինումի պիւտճէն (Ֆրանսա եւ Գերմանիա ալ կը քարոզեն, թէ Ռուսիայէն սպառնալիք կը զգան): Եւրոպացիք շատո՜նց կը զգան Թրամփի՝ «ձեր պաշտպանութեան պիւտճէն պէտք է բարձրացնէք» պահանջին այրուցքը, որուն ծայրէն կախուած է… Ուքրանիոյ պատերազմի խարոյկը Ամերիկայէն գնուած-գնուելիք զէնքերով հրահրելու ստեպղինը: Իտալացիք միակը չեն, որ կը զգան խայթոցները:
- Պուլկարիոյ կառավարութիւնը հրաժարեր է, որովհետեւ ժողովուրդը բողոքի ցոյցերով ճնշումի տակ առած է զայն: Կառավարութեան մարդիկը մեղադրուած են իբրեւ կաշառակեր ու չարաշահ: Ուրեմն, կարելի՛ է եղեր փտած կառավարութիւն մը վար բերել: Ուքրանիոյ մէջ, Զելենսքիի սերտ գործակիցներու չարաշահութիւններն ալ գայթակղութիւն ստեղծեցին վերջերս, մէկէ աւելի անգամ: Եւրոպացի «կոյրերը» կը շարունակեն նիւթական հսկայական օժանդակութիւններ հասցնելու մրցակցութիւնը…:
- Ամերիկացիք փողով-թմբուկով դիմաւորեցին Մարիա Քորինա Մաչատօ անունով վենեզուելացի ընդդիմադիր մը, որ քանի մը օր առաջ, դստեր ձեռամբ ստանձնեց ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ Նոպէլեան մրցանակը: Ան երկու օր առաջ «մաքսանենգուած» էր Վենեզուելլայէն դուրս, իր երկրի նախագահին՝ Մատուրոյի ընդդիմադիր է, բաւարար արժանիք մը՝ այս մրցանակին արժանանալու համար (Թրամփ նախանձով կը դիտէ զայն): Եւ յանկարծ, երախտագէ՜տ Մաչատօ յայտարարեր է, որ կ’ողջունէ իր երկրին հասնող ամերիկեան հարուածները: Խաղաղութեան մրցանանակի՜ր եւ ողջունե՞լ քարիւղատարի մը բռնագրաւումը (ժամանակին, երբ աշխարհը իր բանականութիւնը չէր կորսնցուցած, նման արարքներ «ծովահէնութիւն» կ’որակուէին, հիմա ալ՝ երբ նման բաներ տեղի ունենան Կարմիր ծովուն կամ Ծոցի ջուրերուն մէջ…): Անոր ողջոյնը նկատի ունենալու է նաեւ այն յարձակումները, որոնք ամերիկեան նաւատորմին ու ծովուժին կողմէ կը կատարուին Քարայիպեան ծովու մերձ-վենեզուելական ծովափին դիմաց: Ծանօթ է, որ այդ յարձակումներէն մէկը հսկայ փոթորիկ ստեղծեց ամերիկեան քաղաքական բեմին վրայ, երբ ի յայտ եկաւ, որ յարձակման ենթարկուած մակոյկի մը նաւազներէն երկու անպաշտպան փրկուածներ կրկին յարձակման ենթարկուած են եւ սպաննուած՝ ամերիկեան ուժերու կողմէ:
- Թրամփի «խաղաղութիւն հաստատեցի» յոխորտանքները խարակներու կը բախին ու ծովամոյն կ’ըլլան հոս-հոն: Քամպոտիա-Թայլէնտ սահմանին վրայ բախումները վերսկսած են քանի մը օրէ ի վեր, «պտղաբերելով» աւելի քան 500 հազար գաղթական: Թրամփի «խաղաղեցուցած» մէկ այլ շրջան՝ Ռուանտա-Քոնկօ սահմանագիծն ալ տաքցած է, կան զոհեր: Սուտանի մէջ ջարդերը կը մնան լուսանցքի վրայ, իսկ Կազայի ու Արեւմտեան Ափին մէջ, պաղեստինցիներու ջարդը կը շարունակուի, անոնցմէ խլուած հողերուն իւրացումը կը նուիրականանայ, բնութիւնն ալ «աղ-պղպեղ» կը ցանէ տնազուրկ դարձած կազացիներու ողբերգութեան վրայ, փոթորիկի հետեւանքով ջրամոյն կը դառնան անոնց վրանները: Լիբանան իր բաժինը կը ստանայ իսրայէլեան «բարիքներ»էն (նոյնը՝ հոն գտնուող ՄԱԿի ուժերը) ու կ’երազէ, որ Թրամփ «բան մը պիտի ընէ» ի նպաստ իրեն: Չարաճճիներ հրապարակ նետեր են կատակ մը, թէ՝ բանագնաց Պարրաք Հարաւային Լիբանանի համար ալ քազինոներու եւ զբօսավայրերու ծրագիր մը կ’ուզէ ծախել լիբանանցիներուն, ինչպէս որ ատենին կը խօսուէր Կազայի քանդուած շրջաններուն մասին…
- Հայաստանի մէջ, «սահմանագծում»ի շոգեկառքին նոր կայարանը կը թուի ըլլալ Սոթքի շրջանը, ուր կան ոսկիի հանքեր: Ազերիները շատո՜նց նստած են հանքին մօտ, խլած են մաս մը, հիմա, ՔՊ-ականներու «խաղաղասիրութեան» դիմաց՝ իբրեւ բարի կամեցողութեան «տուրք», կ’ուզեն ամբողջացնել խլումը: Նոյնիմաստ զրոյցներ շրջան կ’ընեն Ջերմուկի մօտակայ Ամուլսարի հանքերուն մասին: Ծանօթ է, որ ազերիները բազմած են Ջերմուկի բարձունքներուն, քանի մը տարի առաջ ստախօս հանեցին ՔՊ-ական կամակատար՝ զինուորական իմաստո՜ւն հրամանատարի մը այն հաւաստիքը, թէ «երբ օդերը պաղին, անոնք պիտի հեռանան մեր բարձունքներէն»: Այս հարցերը տակաւին կը մնան լուսանցքի վրայ, որովհետեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՆԵՐՈՒՆ դէմ ՔՊ-ական իշխանութեան արշաւները նոր թափ կը ստանան, ի հաճութիւն Ազրպէյճանի, որուն դարձեալ կը տրուի «Նոր սահմանադրութիւն պիտի մշակենք» խոստումը: (Ս. Ծննդեան տօնը կը մօտենայ, «Փառք ի բարձունս… ի մարդիկ հաճութիւն» երգը տարբեր ձեւով պիտի հնչէ Հայաստանի բարձունքներուն ու սահմաններուն վրայ, ցանկին վրայ է Մեղրիի շրջանը՝ ազերիական յորջորջումով՝ «Զանգեզուրի անց»ը):
