Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դիւանը` Ալեն Աուն եւ Հատի Ապու Հասան քարտուղարներ, իսկ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Միշէլ Մուսա եւ Ապտելքարիմ Քապպարա` յանձնակատարներ:
Միաձայնութեամբ ու չնչին բարեփոխումներով ընտրուեցան նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերը: Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընտրուեցաւ խորհրդարանի գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ, ինչպէս նաեւ վերընտրուեցաւ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար:
