ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան, խմբակ-ցութեան քարտուղար Արթուր Խաչա- տրեան եւ խմբակցութեան անդամ Լեւոն Քոչարեան Սեպտեմբերի 18-ին հանդիպած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Շուէտի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններ Էվա Սունդքվիստի, Մարիկէ Հարիետ Մոնրո-Վինթերի եւ Էրիկ տը Մոյնքի հետ։

Խորհրդարանին մէջ ողջունելով հիւ- րերը՝ խմբակցութեան անդամները խօսած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք արձանագրուած ներքաղաքական զարգացումներուն մասին եւ անդրադարձած՝ արտաքին մարտահրաւէրներուն։
Խորհրդարանականները ներկայացուցած են, իրենց կարծիքով, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան նահանջին առնչուող դէպքեր եւ բարձրաձայնած, իրենց դիտարկմամբ, մարդկային իրա-ւանց պաշտպանութեան ու օրէնքի գերակայութեան հարցերուն մէջ արձանագրուած որոշ խախտումներ։
Հիւրերուն ուշադրութիւնը հրաւիր-ւած է դատաիրաւական համակարգին մէջ առկայ խնդիրներուն վրա
