Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ մահացաւ

Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ մահացաւ

Ամերիկացի ազդեցիկ ծերակուտական Լինտսի Կրահամի գրասենեակը յայտարարեց հարաւային Քալիֆորնիա նահանգի ներկայացուցիչ ծերակուտականին շաբաթ, 11 յուլիս 2026-ին անակնկալ մահը:

Ուաշինկթընի մէջ անոր գրասենեակը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Շաբաթ, 11 յուլիսի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Լինտսի Կրահամ մահացաւ յանկարծակի եւ անսպասելի հիւանդութենէ ետք: Ծերակուտական Կրահամի ընտանիքը այս պահուս շնորհակալութիւն կը յայտնէ ցաւակցութիւններուն ու աղօթքներուն համար եւ կը խնդրէ այս դժուար եւ փորձութեան ժամանակաշրջանին յարգել իրենց անձնական կեանքը»:

Լինտսի Կրահամ Հանրապետական կուսակցութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ականաւոր դէմքերէն մէկը կը նկատուի: Ան տարիներով ծանօթ էր արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան ու պաշտպանութեան թղթածրարներու շուրջ իր կեցուածքներով:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութս Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ ծերակուտական Կրահամի մահը գուժելով գրեց. «Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ. մեծագոյն անձերէն մէկը, որ երբեւէ ճանչցած եմ: Ան ժրաջան աշխատող էր եւ ամերիկացի իսկական հայրենասէր մը: Բոլորը անոր բացակայութիւնը պիտի զգան»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Իսրայէլ իր մեծագոյն բարեկամներէն մէկը կորսնցուց, իսկ ես սիրելի բարեկամ մը կորսնցուցի»:

Share