Խոչընդոտ Ստեղծող Ցեղասպանութեան Ճանաչում Մը

Խոչընդոտ Ստեղծող Ցեղասպանութեան Ճանաչում Մը

«Աշխարհը չափազանց շփոթեցուցիչ վայր մըն է։ Եթէ պատրաստ չես զարմանալու եւ տարակուսելու, կը վերածուիս ուրիշին մտածողութեան պարզ կրկնօրինակին»։ Նոամ Չոմսքի (ծագումով հրեայ ամերիկացի մտաւորական, փիլիսոփայ, լեզուաբան, քաղաքական գործիչ եւ հասարակական քննադատ)։

Ահաւասիկ այլ գլխացաւ (դժբախտաբար) մը Հ․Հ․ ներկայ իշխանութիւններուն համար։ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը քանի մը օր առաջ միաձայնութեամբ հաստատեց 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Այս քայլը պատմական շրջադարձ մըն է, որ վերջ կը դնէ տասնամեակներ շարունակ որդեգրուած այն լուսանցքի տակ առնելու, հարցը ծածկելու եւ մոռացութեան մատնելու քաղաքականութեան։
Նման որոշում հեռու է զգացական եւ հոգեբանական ապրումներէ։ Մութ հաշիւներ, որոնք արդէն իսկ ցայտուն եւ ակներեւ են, պատճառ հանդիսացան, որպէսզի այս որոշումը առնուի։

Իսրայէլեան տարբեր կուսակցութիւններէ քաղաքական գործիչներ տարիներ շարունակ կը պնդէին, թէ ողջակիզումէն ետք հիմնադրուած պետութիւնը ունի առանձնայատուկ բարոյական պատասխանատուութիւն եւ պարտաւորութիւն՝ ճանչնալու նաեւ այլ ժողովուրդներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնները։

Շատեր կը շեշտէին, թէ այս լռութեամբ՝ կրաւորական հնազանդութեամբ (passive obedience), հակասութեան մէջ էր Իսրայէլը՝ պատմական յիշողութեան պահպանման հռչակուած սկզբունքներուն հետ։

Սակայն, առ հասարակ քաղաքականութեան մէջ, եւ յատկապէս Իսրայէլի պարագային, արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր որոշումները շարժառիթներ են եւ հազուադէպօրէն միայն բարոյական նկատառումներէ կը բխին։

Իսրայէլի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, նախագահ Էրտողան դատապարտեց որոշումը՝ մեղադրելով Իսրայէլը պատմութիւնը քաղաքական նպատակներով շահագործելու մէջ։ Թրքական իշխանութիւնները նաեւ պնդեցին, թէ Կազայի պատերազմին պատճառով միջազգային քննադատութեան ենթարկուող Իսրայէլը բարոյական իրաւունք չունի Թուրքիոյ պատմութեան մասին դատողութիւններ կատարելու։

Էրտողան քաջատեղեակ է, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները աստիճանաբար վատթարացած են։ Յատկապէս Կազայի շուրջ տարակարծութիւնները, Էրտողանի հետզհետէ սրացող հակաիսրայէլեան յայտարարութիւնները եւ երկու երկիրներուն միջեւ տարածաշրջանային մրցակցութիւնը արմատապէս փոխած են նախկին ռազմավարական համագործակցութիւնը։

Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններու այս «փլուզումը» ջնջեց գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը, որ տասնամեակներ շարունակ արգելք հանդիսացած էր Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման։ Հետեւաբար, անակնկալ մը չէր, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարը որոշումը բնորոշեց որպէս պատմական եւ բարոյական պարտաւորութիւն՝ ընդգծելով, որ պատմական ճշմարտութիւնը արդէն վաղուց ժամանակավրէպ չէր, այլ յապաղած անհրաժեշտութիւն։

Այս սուր վիճաբանութիւններու լոյսին տակ, երբ մէկը միւսին կը քննադատէ եւ թերութիւններ կը մատնանշէ, առանց ենթագիտակցելու, թէ ինք նոյն թերութիւնը ունի կամ նոյն հակասող կեցուածքը կը ցուցաբերէ, անվարան տեղին է շէյքսփիրեան լեզուով յաճախ արձագանգուող եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող․- «Look who’s talking!» («Տե՛ս, ո՛վ է խօսողը») արտայայտութիւնը նշել եւ ընդգծել։

Ակներեւ է, թէ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները հասած են վերջին տասնամեակներու ամենացած մակարդակներէն մէկուն։
Այս պրիսմակէն դիտուած ճանաչումը ոչ միայն բարոյական յայտարարութիւն է, այլ նաեւ դիւանագիտական ազդեցիկ ազդանշան՝ ուղղուած Անգարային։

Նորութիւն չէր, որ Էրտողան վերահաստատեց Անգարայի վաղեմի տեսակէտը, թէ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն գոյութիւն չունի։ Ան նաեւ շարունակեց պնդել, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւները պատմական ճշմարտութեան վրայ հիմնուած հաստատումներ չեն, այլ քաղաքական ճնշում բանեցնելու փորձեր՝ ուղղուած Թուրքիոյ դէմ։

Այս դիրքորոշումը տարիներու ընթացքին ոչ մէկ էական փոփոխութիւն կրած էր։ Միւս կողմէն, թէեւ Ատրպէյճանը պատմականօրէն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման քննարկումներուն գլխաւոր դերակատարը չէ եղած, սակայն իսրայէլեան այս որոշումը անխուսափելիօրէն ազդեցութիւն ունի նաեւ Պաքուի վրայ։ Լափալիսեան իրականութիւն մըն է, որ Թուրքիան կը մնայ Ատրպէյճանի ամենամօտ ռազմավարական դաշնակիցը։ Երկու երկիրներն ալ իրենց յարաբերութիւնները յաճախ կը բնորոշեն «մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» բանաձեւով։ Բնականաբար Անգարայի պատմական դիրքորոշումները հետեւողականօրէն կը պաշտպանուին Պաքուի կողմէ։

Ուստի Իսրայէլի կողմէ Թուրքիոյ պատմական տեսակէտին հակասող որոշումը բնականաբար դիւանագիտական անյարմարութիւն կը ստեղծէ Պաքուի համար, որ տարածաշրջանէն ներս, Իսրայէլի ամենասերտ ռազմավարական գործընկերն է։

Այս բոլորին կողքին, սակայն հայորդիին համար մտահոգիչն ու զարմանալին Երեւանի կեցուածքն է, որ փոխանակ այս ոսկի առիթը օգտագործելու, իր կիզակէտը սեւեռած է Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ամէն գնով «դասաւորելու» եւ սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կուրօրէն կառչած մնալով, ստեղծելիք իր «երազային խաղաղութեան», յայտարարեց, թէ Հայաստանը երբեք չի ցանկար «զէնքի վերածել» Հայոց Ցեղասպանութիւնը կամ զայն օգտագործել ներկայ աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններուն մէջ։ Ան աւելցուց, որ պատմական ճանաչումը պէտք չէ վերածուի երրորդ երկիրներու դէմ ուղղուած քաղաքական գործիքի։

Հայ ժողովուրդին համար այս քայլը ունի բացառիկ բարոյական եւ խորհրդանշական արժէք, նոյնիսկ եթէ շատեր կը գիտակցին, որ անոր ժամանակաւորումը նաեւ աշխարհաքաղաքական նկատառումներու արդիւնք էր։

Անընդունելի եւ բռնօրէն քննադատելի են Փաշինեանի անտեղի հաստատումներն ու կրաւորական դիմադրութիւնը (passive resistance) եւ յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան լռութիւնը։

Յամենայնդէպս, Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի այս որոշումը տակաւին պէտք է վաւերացուի երկրի գերագոյն օրէնսդիր մարմինին` Քնեսէթին կողմէ, որպէսզի դառնայ պետութեան պաշտօնական քաղաքականութիւնը։

Նոամ Չոմսքի իմաստուն այլ խօսք մըն ալ ունի,- «Ընդհանրապէս ժողովուրդը չի գիտեր, թէ ի՞նչ կը պատահի, եւ նոյնիսկ չի գիտեր, որ ինք չի գիտեր…»։ Հասկցողին շատ բարեւ։

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական

Share