Դաւիթ Բաբայեանը վերջին շաբաթներուն ընթացքին ազրպէյճանական բանտէն երրորդ հայն է, որ կ՛ահազանգէ իր իրաւունքներուն կոպիտ խախտման մասին. միջազգային եւ նոյնիսկ ազրպէյճանական օրէնքները չեն գործեր:
«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ օգնելու մեզի այս ուղղութեամբ` համայն հայութեան եւ բարի կամքի տէր մարդոց», նշած է Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը` աւելցնելով. «Ո՞վ կ՛իմանայ, թէ վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ հետս, որպէսզի դուք տեղեակ ըլլաք` ընդհանուր առմամբ ի՛նչ կը կատարուի»:
Երէկ հրապարակուած է է Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարարի ձայնագրութիւն-խնդրանքը: Դաւիթ Բաբայեան կը դիմէ միջազգային հանրութեան, Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն ու պարզապէս հայ ժողովուրդին, որ միաւորուին ու պաշտպանեն հայ գերիներու իրաւունքները:
«Այն դատավարութիւնը, որ կ՛ընթանայ, շինծու է: Կոպտօրէն կը խախտուին բոլոր կանոնները` մարդասիրութեան, արդարադատութեան, միջազգային իրաւունքի, իրենց սեփական օրէնսդրութիւնը: Կոչ կ՛ուղղեմ, որպէսզի մեր հայրենանուէր հայութիւնը միաւորուի, ու պաշտպանենք մեր իրաւունքները, որովհետեւ մենք պիտի դիմենք միջազգային դատարան», ըսած է Բաբայեան:
Այն, ինչ որ կը կատարուի ազրպէյճանական դատարանին մէջ, դատավարութիւն չէ, ցեղային-քաղաքական վրիժառութիւն է հայ ժողովուրդին դէմ, կ՛ահազանգէ արցախցի նախկին պաշտօնեան:
«Իրենց բոլոր փաստարկները շինծու են, փուչիկ են, շատ թոյլ են: Սա ոչ թէ դատավարութիւն է, սա ցեղային-քաղաքական վրիժառութիւն է` ուղղուած մեր ժողովուրդի անցեալին, ներկային ու ապագային», ընդգծած է ան:
Դաւիթ Բաբայեան զրկուած է նոյնիսկ Վերաքննիչ դատարան բողոք ներկայացնելու իրաւունքէն: Իր դիմումները անհետացած են, ելոյթները չեն պահպանուած: «Սա ոչ այլ ինչ է, քան քայլ` ոչնչացնելու բոլոր քննադատական ելոյթները: Կը խնդրեմ` սա ընդունեցէք իբրեւ տեղեկութիւն, Միջազգային դատարանին` իբրեւ վարոյթ, իսկ միջազգային հանրութեան` ի գիտութիւն: Մենք կ՛ուզենք իսկապէս դիմել Միջազգային դատարան, ու այստեղ միայն այդ միջոցով կարելի է այդ հարցը լուծել», նշած է Բաբայեան
Բաբայեան կ՛ահազանգէ նաեւ ազրպէյճանցիներու կեղծ ցուցմունքներուն մասին, անոնք առանց զինք ճանչնալու պնդած են, թէ ինք խոշտանգած է զանոնք: 53-ամեայ Բաբայեան երբեք զինուորական պաշտօն չէ վարած:
