Նիւ Եորքի քաղաքապետ Զոհրան Քուամէ Մամտանի Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակի նշման օրն է: Մինչ արդի Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Հայաստանի տարածքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սպաննուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակը կը նշուի, պէտք է պատմութեան ինքզինք կրկնելը մերժենք:
2020-ին, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերը յարձակում գործեցին Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վրայ: 2023-ին, Ազրպէյճան աւելի քան 100.000 հայեր վտարեց Լեռնային Ղարաբաղէն` շարունակելով ցեղասպանական արշաւը, որ սկսած էր 100 տարի առաջ:
«Յիշատակման այս օրը, կը վերահաստատենք հայ ժողովուրդի եւ բոլոր ժողովուրդներու ազատութեան, անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքը»:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Նիւ Եորքի քաղաքապետին «մտացածին» Հայոց ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւնը:
Այխան Հաճիզատէ նշած է, որ հասարակական գործիչները պէտք է իրենք զիրենք պատասխանատու պահեն, զերծ մնան ապատեղեկատուութիւն տարածելէ եւ քաղաքականապէս դրդապատճառուած ու պատմականօրէն կեղծ յայտարարութիւններով պառակտումը խորացնելու փոխարէն` նպաստեն հաշտեցման:
«Մենք կը մերժենք ձեր սադրիչ յայտարարութիւնը: Նման արտայայտութիւնները կը վկայեն շրջանի պատմութեան ու իրողութիւններու անբաւարար ըմբռնման մասին եւ կը խեղաթիւրեն փաստերը քաղաքական նպատակներով: 2020 թուականին Ազրպէյճանը գործած է իր միջազգայնօրէն ճանչցուած գերիշխան տարածքներու սահմաններուն մէջ` միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերու համաձայն:
2023 թուականին իրականացուած հակաահաբեկչական քայլերը աւարտեցան 30 տարուան ապօրինի բռնագրաւումէն ետք Ազրպէյճանի սահմանադրական կարգի վերականգնումով: Տեղահանման մասին պնդումները կ՛անտեսեն այն փաստը, որ հայ բնակիչներուն առաջարկուած են վերահամարկում, լիակատար իրաւահաւասարութիւն եւ անվտանգութեան երաշխիքներ:
«Առանձնայատուկ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ այն, որ ընտրուած պաշտօնեան, անտեսելով բռնագրաւումի ժամանակաշրջանին մէջ հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներու դէմ գործուած ցեղային զտումներն ու զանգուածային սպանութիւնները, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը, յառաջ կը մղէ միակողմանի պատմութիւններ: Նման անպատասխանատու յայտարարութիւնները անընդունելի են եւ պէտք է անյապաղ հեռացուին», նշած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
