Թուրքիա հիւսիսային Կիպրոս տեղակայած է վեց F-16 կործանիչ՝ շրջանին մէջ աճող լարուածութեան պայմաններուն մէջ անվտանգութեան միջոցառումները զօրացնելու նպատակով, յայտնած են թրքական լրատուամիջոցները։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ «որոշումը տրուած է շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու լոյսի տակ՝ Կիպրոսի թրքական հատուածի անվտանգութիւնն ամրապնդելու համար»։
Նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ կործանիչներու տեղակայումը կատարուած է փուլային անվտանգութեան ծրագրի ծիրէն ներս։ Նշուած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային կրնան ձեռնարկուիլ նաեւ յաւելեալ միջոցներ՝ կախուած շրջանին մէջ իրավիճակի զարգացումներէն
