Ուրբաթ, 16 Յունուար 2026-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ Կիլիկեան Ասպետի շքանշան յանձնեց այժմ լոսանճելըսաբնակ Տիար Ալֆրետ Հաւանի, որ իրանահայութեան վերջին աւելի քան վաթսուն տարիներու եկեղեցական, ազգային, կրթական, շինարարական, միութենական եւ մարզական կեանքէն ներս ունեցած է յանձնառու դերակատարութիւն, ի մասնաւորի Նոր Ջուղայի եւ Մաշհատի մէջ իր ստանձնած պատասխանատու եւ ղեկավար պաշտօններով, կատարած բարերարութիւններով եւ իրագործած եկեղեցաշէն ու հանրօգուտ ծրագիրներով:
Նշենք, որ Պարսկաստանի Հայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի խնդրանքին հիմամբ, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիլիկեան Ասպետ շքանշան շնորհած էր Տիար Հաւանի, որ զայն ստացաւ Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ, ձեռամբ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, ներկայութեամբ խումբ մը հարազատներու:

Յանձնումի պահուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց կոնդակը եւ յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսի, պարգեւատրեալին կուրծքը զարդարեց շքանշանով: Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորեց պարգեւատրեալ Ալֆրետ Հաւանն ու անոր ընկերակցող հարազատները, գնահատեց շքանշանակիրին եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր վաստակն ու գործունէութիւնը, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն:
«Օրակարգ»ը առանձին գրութեամբ անդրադառնալու է Ալֆրեդ Հաւանի կեանքին ու գործունէութեան յառաջիկայ համարներում:
