Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գանատա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ

Երկուշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գանատա ու Ամերիկայի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Գանատայի Հայոց Թեմը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան հայոց թեմերը: Յիշեալ թեմերու մէջ Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար պիտի այցելէ Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Լոս Անճելոս, Ֆրէզնօ, Սան Ֆրանսիսքօ, Նիւ Եորք, Նիւ Ճրզի եւ այլ շրջաններ:

Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական այցելութեան օրակարգը պիտի ներառէ եկեղեցական արարողութիւններ, ազգային մարմիններու հետ հանդիպումներ, երիտասարդութեան հետ երկխօսութիւն, միջ-եկեղեցական հանդիպումներ, համալսարաններու մէջ դասախօսութիւններ, կրթական մշակներու հետ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ Նորին Սրբութեան հայրապետական ընտրութեան ու գահակալութեան 30 ամեակի նշում:

Հովուապետական յիշեալ այցելութեան Վեհափառ Հայրապետին Մայրավանքէն կ՚ընկերանան Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան. յիշեալ երեք թեմերու առաջնորդ սրբազան հայրերը՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան. արեւմտեան թեմի պարագային նաեւ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան։ Իսկ Գանատա այցելութեան, Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, արեւմտեան թեմի պարագային՝ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետներ Գրիգոր Մահսերէճեան ու Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ անդամներ՝ Կայծակ Զէյթլեան, Ռոստոմ Այնթէպլեան եւ Հրաչ Յակոբեան:
Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանք պիտի վերադառնայ 22 Նոյեմբերին:

Share