Կեանքէն հեռացաւ Լիբանանի նախկին պետական նախարար զօրավար Փանոս Մանճեան

Կեանքէն հեռացաւ Լիբանանի նախկին պետական նախարար զօրավար Փանոս Մանճեան

Հոկտեմբեր 7-ին, Պէյրութի մէջ մահացաւ Լիբանանի նախկին պետական նախարար զօրավար Փանոս Մանճեան։ Ան 20 տարեկանին մուտք կը գործէ Լիբանանի սպայից վարժարան, ուրկէ վկայուելով 1975-ին կը դառնայ Լիբանանեան բանակի սպայ: Կը ծառայէ բանակին մէջ 38 տարիներ: 2001-ին կը ստանայ Զօրավարի աստիճան: Մինչեւ 2010-ը կը գործէ բանակին մէջ որպէս Զօրավար տարբեր պատասխանատու պաշտօններ վարելով: Լիբանանեան բանակին մէջ իր ծառայութեան ընթացքին ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ որոնցմէ յատկապէս կարելի է յիշել «Վիրաւորի», «Պատերազմի» եւ «Լիբանանեան Մայրի»-ի շքանշանները: Յունիս 2011-ին մաս կազմած է Լիբանանի Կառավարութեան նախարարական դահլիճին որպէս պետական նախարար։

Share