«Մեր աշխատանքները նպատակ ունին ապահովելու հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը». Եղիսաբէթ Չուլճեան

«Մեր աշխատանքները նպատակ ունին ապահովելու հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը». Եղիսաբէթ Չուլճեան

Հայ Դատի յանձնախումբի մամուլի խօսնակ Եղիսաբէթ Չուլճեան Alpha News-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, նշեց, թէ աշխատանք կը տարուի Սպիտակ Տան եւ Քոնկրէսի հետ՝ ապահովելու համար հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ Արցախի ղեկավարներու ազատ արձակումը։

«Անցեալ շաբաթ ներկայացուած է Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու վերանայման օրէնքը։ Մենք նաեւ նամակ ուղղած ենք Պետքարտուղար Ռուբիոյին՝ խնդրելով պահանջել հայ բանտարկեալներու ազատ արձակում, միջազգային հսկողութիւն հաստատել կեղծ դատավարութիւններու նկատմամբ եւ պատժամիջոցներ կիրառել Ալիեւի վարչակազմի դէմ։ Մեր առաջիկայ աշխատանքը նպատակ ունի ապահովելու, որ այս բոլոր ջանքերը դառնան օրէնք եւ ամերիկեան քաղաքականութեան հիմք»,– յայտնեց ան։

Անդրադառնալով Հոկտեմբեր 25-ին Սպիտակ Տուն նախատեսուած Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այցելութեան՝ Չուլճեան ըսաւ, թէ այդ այցելութիւնը պէտք է կեդրոնանայ Ամերիկա-Թուրքիա ռազմական գործակցութեան ընդարձակման վրայ։

«Հայ Դատի յանձնախումբը՝ յունական եւ քրտական գործընկերներու հետ միասին, պիտի դիմադրէ այդ վաճառքներուն։ Անցեալ շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը ընդունած է Հայ Դատի առաջարկը, որպէսզի պետական քարտուղարութիւնը զեկոյց պատրաստէ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան մասին։ Եթէ Էրտողան անդրադառնայ Հարաւային Կովկասի հարցերուն, այդ պիտի ըլլայ ի վնաս Հայաստանի եւ անշուշտ ի շահ Ատրպէյճանի»,– նշեց Չուլճեան։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ․-

Share