Յարութ Սասունեան
Եթէ շփոթի մատնուած էք «Զանգեզուրի միջանցք»-ին վերաբերեալ հայ, թուրք եւ ամերիկացի պաշտօնատարներուն հակասական յայտարարութիւններէն, ուրեմն դուք առանձին չէք:
Պատմութիւնը սկսաւ 9 նոյեմբեր 2020-ին` Արցախի պատերազմին Հայաստանի ջախջախիչ պարտութենէն ետք Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ զինադադարի համաձայնագիրի ստորագրութեամբ:
Այդ համաձայնագիրի 9-րդ յօդուածին մէջ նշուած էր. «Կ՛ապաշրջափակուին տարածաշրջանի տնտեսական եւ երթեւեկային հաղորդակցութեան բոլորը կապերը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛երաշխաւորէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ երթեւեկային հաղորդակցութեան ապահովութիւնը` քաղաքացիներու, երթեւեկային միջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Երթեւեկային հաղորդակցութեան նկատմամբ վերահսկողութիւնը կը կատարեն Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային սահմանապահ ծառայութեան մարմինները: Կողմերուն միջեւ համաձայնեցումով պիտի ապահովուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն կապող նոր երթեւեկային հաղորդակցութեան ուղիներու շինարարութիւնը»:
Ամիսներ առաջ, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրկնեց իր սխալ պնդումը, թէ 2020 թուականի համաձայնագիրին մէջ Ռուսիան չի յիշատակուիր, լրագրողներէն մէկը հարցուց՝ արդեօք ան պիտի ընդունի՞ միջազգային վերահսկողութեան գործադրութիւնը Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ճամբուն վրայ՝ Հայաստանի տարածքով: Փաշինեան մերժեց այդ գաղափարը:
Յուլիս 1-ին վերլուծաբան Օլեսեա Վարդանեան յօդուած հրապարակեց «Carnegie Russia-Eurasia Center»-ին համար՝ հաղորդելով, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛առաջարկեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի միջազգային կառավարում, գաղափար մը, զոր նախապէս ներկայացուցած էր Եւրոպական Միութիւնը: Վարդանեան 2 յուլիսին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայկական ծառայութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Ճոշ Հաքը այս առաջարկը հայ եւ ազրպէյճանցի պաշտօնատարներուն ներկայացուցած է մայիսեան իր այցելութեան ընթացքին։ Անանուն աղբիւրը 14 յուլիսին «Միտըլ Իսթ Այ»-ին յայտնած է, որ սկիզբը Թուրքիան առաջարկած է այս ծրագիրը՝ հակառակ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հերքումներուն: «Միտըլ Իսթ Այ»-ը աւելցուցած է. «Հայկական կողմը պահանջած է, որ (ամերիկեան) ընկերութիւնը աշխատի նաեւ միջանցքի Նախիջեւանի կողմը, ինչ որ անընդունելի եղած է Պաքուի համար»:
Յատկանշական է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժած է հաստատել Քառնեկիի զեկոյցը:
Այնուհետեւ՝ 11 յուլիսին, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմ Պարրաքը անսպասելի եւ վիճայարոյց յայտարարութիւն կատարեց: Ան միացաւ բանավէճին` ըսելով. «Թուրքիան եւ Հայաստանը տակաւին կը տառապին հին տպաւորութենէն` կապուած Ցեղասպանութեան հետ, զոր Թուրքիան կատարած է Հայաստանի նկատմամբ … Անոնք (Հայաստանն ու Ազրպէյճանը) կը վիճին 32 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ճամբու (իրականութան մէջ՝ 43 քմ) շուրջ, բայց ասիկա կատակ չէ: Ասիկա արդէն տասնամեակէ մը ի վեր առկայ է` 32 քիլոմեթր ուղի: Առ այդ, Ամերիկան եկաւ ու ըսաւ. «Շա՛տ լաւ, մենք կը ստանձնենք զայն: Մեզի 100 տարուան համար վարձու տուէք այդ 32 քիլոմեթր երկարութեամբ ուղին, եւ դուք բոլորդ կրնաք օգտուիլ անկէ: Սակայն այս ցեղային տեսակէտները չեն մարիր։ Մենք մտանք «e pluribus unum»-ի մը մէջ (շատերէն մէկը): Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Այս կը նշանակէ հրաժարիլ զանգուածներէն մէկուն համար: Անիկա գոյութիւն ունի Ամերիկայի մէջ: Այնտեղ գոյութիւն չունի: Անհատը, ընտանիքը, ցեղը եւ յետոյ ազգը …»:
Արտասովոր է, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն է, որ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մասին յայտարարութիւն կը կատարէ, եւ ոչ թէ՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Այս բացայայտ կերպով դուրս է անոր իրաւասութենէն: Նոյն ատեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները կը լռեն: Նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընտրեց անշարժ գոյքի անփորձ ներդրող մը՝ դիւանագիտական խիստ կարեւոր պաշտօնի համար: Պարրաք նախապէս ներգրաւուած էր քանի մը խայտառակութիւններու մէջ։ Ան անգամ մը կանչուած է Քոնկրեսի յանձնաժողով՝ վկայութիւն տալու այն ժամանակուան գլխաւոր դատախազ Էտուին Միզի տան գնման կապուած կասկածելի նուէրին վերաբերեալ: 2021 թուականին Պարրաք մեղադրուեցաւ օտարերկրեայ պետութեան գործակալ ըլլալու, արդարադատութիւնը խոչընդոտելու եւ իրաւապահ մարմիններուն կեղծ յայտարարութիւններ կատարելու համար: Հետագային ան արդարացուեցաւ դատավարութենէն ետք։
Աւելի անհանգստացնող է այն, որ 11 յուլիսի իր հարցազրոյցին ընթացքին Պարրաք հայերը նկարագրած է իբրեւ «ցեղային տեսակէտ» ունեցողներ, ինչ որ շատ վիրաւորական դիտողութիւն էր լիբանանեան ծագում ունեցող եւ Լոս Անճելըսի, ուր կը գտնուի աշխարհի հայկական մեծագոյն գաղութներէն մէկը, բնակիչի մը կողմէ։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեանը «Ազատութեան» ըսաւ, որ Երեւան դէմ չէ «արտապատուիրակել»-ու որոշ գործառոյթներ որեւէ արտօնագրուած միջազգային ընկերութեան: Ան նշեց, որ շարք մը երկիրներ ներկայացուցած են առաջարկներ, որոնք ներկայիս կը սերտուին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Անի Բադալեանը հաստատեց, որ՝ «Տարբեր միջազգային գործընկերներ պարբերաբար կը ներկայացնեն իրենց գաղափարները Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ, որոնց կարգին` երկու երկիրներու միջեւ երթեւեկային հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ»:
Սակայն 14 յուլիսին Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Նազելի Բաղդասարեան հակասեց թէ՛ Սաֆարեանին եւ թէ՛ Բադալեանին․ «Այդ առաջարկը անընդունելի է Հայաստանի Հանրապետութեան համար… (որ) չէ քննարկած եւ չի քննարկեր որեւէ երրորդ կողմի իր սեփական ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ վերահսկողութիւնն արտապատուիրակելը»: Ան աւելցուց. «Հայաստանի օրէնսդրութիւնը թոյլ կու տայ միայն գիւղատնտեսական հողերու վարձակալութիւն` հողագործութեան նպատակով, այդ պատճառով ալ դեսպանին (Պարրաք) առաջարկը oրինականօրէն իրագործելի չէ»:
Նախագահ Էրտողան Ստեփանակերտի մէջ կայացած վեհաժողովին ընթացքին այլ շեշտադրում մըն ալ կատարեց. «Թէեւ Հայաստան ի սկզբանէ դէմ էր «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, սակայն այժմ աւելի ճկուն մօտեցում կը ցուցաբերէ»: Ասիկա կը համընկնի Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որուն մէջ ան պատրաստակամութիւն յայտնած է դիւրացնել ազրպէյճանական տարանցումը Հայաստանի տարածքով:
Իրավիճակը աւելի խառնակ դարձաւ, երբ նախագահ Թրամփ յուլիս 14-ին յայտարարեց. «Եւ մենք լուծած ենք այլ խնդիր մըն ալ՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի: Ըստ երեւոյթին, անիկա մօտ է լուծման, յաջող լուծման»: Բազմաթիւ վերլուծաբաններ ասիկա կը կապեն անոր՝ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի ձգտման հետ:
Փաշինեանը հակասեց իր խօսնակին յուլիս 16-ի մամլոյ ասուլիսին՝ պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներու առաջարկը ընդունելի է Հայաստանի համար: Ան սխալմամբ նոյնացուց ճամբու վարձակալութիւնը Հայաստանի օդակայանին, ջրային համակարգին, երկաթուղիին եւ թղթատարական ծառայութիւններու արտաքին կառավարման հետ:
Երբ լրագրողները փորձեցին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պարզաբանում ստանալ, անիկա կրկին հրաժարեցաւ մեկնաբանել` առաջարկելով կապ հաստատել Սպիտակ տան հետ:
Յուլիս 19-ին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անգամ մը եւս միջանցք պահանջեց Հայաստանի տարածքով․ «Մեր քաղաքացիներն ու բեռները ամէն անգամ պէտք չէ տեսնեն հայ սահմանապահին դէմքը: Ասիկա մեր պահանջն է: Ասիկա օրինական պահանջ է, արդար պահանջ: Հակառակ պարագային՝ մեր քաղաքացիները վտանգի մէջ կը յայտնուին»:
Համատարած ապաշնորհութիւնն ու անհետեւողականութիւնը խառնաշփոթ յառաջացուցած են հասարակութեան մէջ, քանի որ բոլոր կողմերէն հակասական ազդանշաններ կու գան, իսկ վստահութիւնն ու յստակութիւնը կը բացակային: