ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երկուշաբթի, 30 յունիս 2025-ին այցելեցին Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզէֆ Աունի, որուն հետ քննարկեցին երկրի ընդհանուր վիճակը եւ վերահաստատեցին կուսակցութեան զօրակցութիւնը Հանրապետութեան նախագահին ու անոր դիրքորոշումներուն։
Քննարկուեցան նաեւ վարչական եւ ծառայողական հարցերը, ինչպէս նաեւ՝ հայ համայնքի իրաւունքները պետական պաշտօններուն մէջ։