Ո՞վ Կրնայ հակաճառել «ազգընտիր»-ին…

Ո՞վ Կրնայ հակաճառել «ազգընտիր»-ին…

Ս. Մահսէրէճեան

Ազգային ժողովի բեմէն՝ «Ազգընտիր հերոս»-ը դարձեալ յոխորտանքներ սփռած է ընդդիմադիրներու երեսին, յայտարարելով, որ իր քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական քայլերը բարիք բերած են ազգին, մասնաւորաբար Արցախին:

Եկէ՛ք, առանձնացնենք հաւաստիքներէն գոնէ երկուքը եւ զայն զարնենք ճշմարտութեան փորձաքարին: Մարդուկը կ’ըսէ, որ իրենք (ըսել կ’ուզէ ինք եւ ՔՊ-ական իշխանութիւնը) ոչի՛նչ յանձնած են (թշնամիին), իսկ Արցախին՝ իրենցմէ աւելի մեծ նպաստ բերող չէ եղած (պատմութեան մէջ): Պարտքերու կուտակումն ալ հետեւանք չէ իրենց անձնական հաշիւներու ուռճացման:

Սխա՞լ են այս հաւատիքները: Բնա՛ւ, երբե՛ք: Մի՜ զարմանաք, եթէ պահ մը համաձայն ըլլանք Նիկոլ էֆենտիին հետ:

Ինչպէ՞ս, հարց պիտի տայ բանիմաց՝ երկրին տնտեսական, զինական եւ հողային կորուստներու ընդլայնող պատկերները տեսնող ընթերցողս: Ուրեմն, մտնենք «Արցախին օգուտ բերող»-ի մաշկին մէջ:

  • Կա՞յ մէկը, որ Նիկոլի ՔՊ-ականներէն աւելի օգուտ բերած է Արցախին ու արցախցիներուն, Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելով (մաս առ մաս), Արցախը ամբողջովին հայաթափելով ու Հայաստան ապաստանած գաղթականները անտանելի վիճակներու մատնելով:
  • Կա՞յ մէկ, որ իրենց չափ հող յանձնած է, ո՛չ միայն Արցախի հողերը, այլ եւ Հայաստանի սահմանային գօտիները (եւ ցանկի վրայ է նման բարիքներու շարք մը):
  • Կա՞յ մէկը, որ Հայաստանի շրջափակման օղակը վերցուցած է եւ երթեւեկի ազատութիւն ապահոված, օրինակ՝ Գորիս-Կապան ճամբուն պատմութիւնը:
  • Կա՞յ մէկը, որ բանակին ողնասիւնը խախտած է, զայն նահանջի մատնած՝ բարոյապէս ու կարողականութիւններու իմաստով:
  • Կա՞յ մէկը, որ երկրի պարտքը նոր բարձունքներու հասցուցած է, եւ հիմա կը յոխորտայ, թէ պատճառը՝ զէնքի գնումներն են (մի՛ հարցնէք, թէ ո՞ւր են զէնքերը եւ որո՞ւն դէմ պիտի գործածուին… խաղաղասէրներուն կողմէ):
  • Կա՞յ մէկը, որ ՔՊ-ականներու չափ բարիք ըրած է վաղարշապատցիներուն, գիւմրեցիներուն, կը խոստանայ այդ բարիքները շարունակել մէկուն քաղաքապետը բանտարկելով, իսկ միւսին ընտրութիւններուն միջամտելով:
  • Կա՞յ… կա՞յ… կա՞յ…

Վերի հարցումներուն պատասխանները յստակ են. նիկոլականներու չափ օտուտ բերող չէ եղած… Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի:

Երբ կը մտածես թուրքի պէս, երբ կը գործես ազերիի պէս, երբ ծրագիրներդ ու քայլերդ կը պարեն թրքական երաժշտութեան կշռոյթով(*), ալ ինչպէ՞ս կարելի է հակաճառել բարիք բերող «ազգընտիր»ին:

(*) Անգլերէն ծանօթ խօսք մը կայ, որուն մօտաւոր թարգմանութիւնը հետեւեալն է. «Եթէ կը քալես բադի պէս, կը ձայնես բադի պէս, ուրեմն բադ ես»: (Չենք գիտեր, թէ խօսքին շարունակութեան մէջ արդեօք… հաւկիթ ածելու բաժին կա՞յ…)

Share