Էտկար Էլպաքեան պիտի դասախօսէ Ուաթըրթաունի մէջ

Էտկար Էլպաքեան պիտի դասախօսէ Ուաթըրթաունի մէջ

Պոսթընի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» Կոմիտէութիւնը կազմակերպած է դասախօսական երեկոյ մը, որ տեղի պիտի ունենայ, Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 7-ին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ (76 Bigelow Avenue, Watertown, MA)։ Մուտքը՝ ձրի։

Մարմինը կը հրաւիրէ բոլորին մասնակցելու ներկայացման մը՝ նուիրուած Հայաստանի ընթացիկ իրավիճակին։ Այս նուազագոյն առումով բացառիկ ու բոլորին բաց ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11-ին,

Օրուան դասախօսն է Էտկար Էլպաքեանը, որ համահիմնադիրն է “Armenian Project”-ին (հիմնուած՝ 2020-ին) եւ Հայաստանի Նախագահին նախկին խորհրդական՝ Արցախեան հարցերու գծով։ Անոր դասախօսութեան խորագիրն է՝ «Հայաստան խաչմերուկի մը վրայ․ Իշխանութիւն, Հաւատք եւ Ազգային Շարունակութիւն» (“Armenia at the Crossroads: Power, Faith, and National Continuity”) եւ պիտի կատարուի անգլերէն լեզուով։

Էլպաքեան Երեւանի Պետական Համալսարանէն ունի մագիստրոսի աստիճան՝ միջազգային յարաբերութիւններ մասնագիտութեամբ։ Իր գիտական եւ  մանկավարժական գործունէութեան ընթացքին դասաւանդած է Երեւանի պետական, ռուս-հայկական եւ Արցախի Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է հիւր-ուսանող (scholar-in-residence) Արիզոնայի Պետական Համալսարանին մէջ։ Ներկայիս կը պատրաստուի պաշտպանել իր դոկտորականը՝ նուիրուած առաջին արցախեան պատերազմին ընթացքին քաղաքական-զինուորական առաջնորդութեան ձեւաւորման հարցին։ Ան պետական պաշտօններ ստանձնած է, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ։

Ակադեմական աշխատանքը համադրելով ազգային եւ հասարակական ծառայութեան հետ՝ ան յաճախ կը հանդիպի սփիւռքեան համայնքներու հետ։ Իսկ իր համանախագահած “Armenian Project”-ը նուիրուած է ազգային կրթութեան, երիտասարդական զօրացման եւ քաղաքացիական վերանորոգման։

Ձեռնարկի աւարտին, տեղի պիտի ունենայ հարց-պատասխան։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կապ հաստատել sardarabad@arfeastusa.com ։

Share