Արեւելեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան մեծարանքի 19-րդ հանդիսութիւնը՝ Ուաշինկթընի մէջ

Արեւելեան ԱՄՆի Հայ Դատի Յանձնախումբի տարեկան մեծարանքի 19-րդ հանդիսութիւնը՝ Ուաշինկթընի մէջ

Լուսանկարներ՝ Ճասթին Գալայճեան

Շաբաթ, 11 Հոկտեմբերին, Ուաշինկթընի (Ronald Reagan Building & International Trade Center) մէջ, տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած մեծարանքի 19-րդ հանդիսութիւնը:

Օրուան հանդիսավարն էր պետական պաշտօնեայ եւ արտաքին քաղաքականութեան, յատկապէս Եւրասիական հարցերու մէջ մասնագիտացած դոկտ․ Ռապըրթ Գրիգորեան, որ միշտ ալ գործակցած է Հայ Դատին հետ։  Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Էմմա Սողոմոնեանի հնչեցուցած Ա․Մ․Ն․-ի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով։ Ներկաները մէկ վայրկեան յոտընկայս լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախեան պատերազմին եւ արցախահայութեան բռնի տեղահանաման ընթացքին նահատակուած զինուորներու եւ Հայ Դատին համար զոհուած հայորդիներոու յիշատակին:

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի նախագահ տոքթ․ Արա Չալեան, իր խօսքին մէջ հաստատեց, թէ Հայ Դատը հայութեան բոլոր իրաւունքներու վերականգնումը կ՛առաջադրէ, եւ թէ այժմ հրատապ օրակարգը Արցախի ազատագրումն է, եւ արցախահայութեան վերադարձը։

«Արցախահայութեան դատը մեր աւանդական դատին կարեւորագոյն բաղադրիչն է։ Արցախահայութեան դատը` ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրացման հիմք ունի իբրեւ իրաւաքաղաքական հրամայական: Այդ ինքնորոշման փաստը միջազգայնօրէն հանրայնացնելու, իրազեկելու, ճանաչելի դարձնելու տենդագին աշխատանքին լծուած ենք մենք՝ Հայ Դատի զինուորագրեալներս: Այսօր ոչ միայն հայրենի ժողովուրդը, այլեւ սփիւռքահայութիւնն ալ հիասթափութեան եւ ընկճուածութեան ենթարկուած է` ի տես Հ․Հ․ իշխանութիւններու անճարակ եւ կործանիչ քաղաքականութեան գոյացուցած ահաւոր վնասներուն: Այո՛, ոչ միայն Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի վարքն ու խոչընդոտները պէտք է յաղթահարենք, այլեւ` հայրենի պետութեան, իշխանութեան ապազգային քաղաքականութիւնը։ Մեզի համար, իբրեւ ազգ, խիստ կարեւոր է Ցեղասպանութեան հարցը, որովհետեւ մեր բոլոր խնդիրները այս պահուն անխուսափելիօրէն կը մեկնարկեն անկէ, զգացմունքային եւ պահանջատիրութեան դաշտէն տեղափոխուելով համակարգային բանականութեան դաշտ, տարածուելով մեր կեանքի բոլոր շերտերուն, ոլորտներուն մէջ` իբրեւ գաղափարաբանութիւն», ըսաւ ան, եզրակացնելով, թէ անընդունելի է որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնուողական տրամադրութիւն․ «․․․որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը` պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու»:

Ապա, Արեւելեան Ամերիկայի հայ դատի յանձնախումբի անդամ, հանդիսութեան կազմակերպիչ մարմինի նախագահ Սօսի Պուրուճեան ներկայացուց «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող Քոնկրէսի հայկական համախմբումի համանախագահներէն՝ Պրէտ Շըրմընը (Քալիֆորնիա, Դեմոկրատական) շեշտելով, թէ․ «Շըրմըն անաչառօրէն ի նպաստ Հայ Դատին համար գործող քոնկրէսական մըն է»։

Բեմահարթակ բարձրացաւ Շըրմըն, որ իւրայատուկ սրամտութեամբ մը յայտնեց, թէ հաւանաբար Արեւմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի ներկայացուցիչները ձանձրացած են, իր «մշտնչենական» ներկայութենէն եւ այդ պատճառով, այս անգամ ժամանած է արեւելեան շրջան իր պարտականութիւնը կատարելու։ «Ես Քալիֆորնիայէն ժամանած Պրէտ Շըրմընն եմ։ Մականունս արդէն կը մատնէ․․․։ Կու գամ հայահոծ Շրրմըն Օքս շրջանէն։ Միշտ ալ բեմ բարձրանալով նոյն բաները կ՛ըսեմ, սակայն անոնք պէտք է կրկնել, որովհետեւ առաջնահերթ են։ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումին անունով պիտի շարունակենք երաշխաւորել Հայաստանի ապահովութիւնը, նաեւ ապահովել Արցախի հայութեան վերադարձը եւ կասեցնել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։ Մեր պահանջները առաջնահերթ եւ խիստ կարեւոր են։ Անոնք  գլխաւորաբար կը վերաբերին Հ․Հ․ ապահովութեան եւ գերիշխանութեան հզօրացման, Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստանէն դուրս բերման, հայ գերիներու ազատ արձակման, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու ապահով վերադարձին, հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան, Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւններու դադրեցման, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զէնքի մատակարարման սահմանափակման», ըսաւ ան, շեշտելով, թէ պիտի շարունակէ պայքարիլ Հայ Դատին համար։

Գաղութէն ներս կատարած իր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքին համար մեծարուեցաւ Տին Շահինեան։ Քրիս Հեքիմեան փորձեց կարճ կենսագրականով մը ներկայացնել այս տիպար հայորդին, որ բեմ բարձրանալով յայտնեց իր երախտագիտութիւնը։ Հաճելի եւ յիշատակելի յուշեր պատմեց իր հարուստ անցեալէն, յատկապէս «խաչքար» նուիրելու ոլորտէն ներս։

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի  Հայ Դատի oրէնսդրական եւ յարաբերական կապերու տնօրէն Նայիրի Տիրացուեան (Նիւ Ճըրզի) ներկայացուց Ցեղասպանութեան դէմ պայքարող շքանշանով պարգեւատրուող՝ «Լեմքինի ցեղասպանութեան հիմնարկ»-ը, որ ժրաջան կը գործէ յաչս արդարութեան։

Հիմնարկին անունով բեմ բարձրացաւ Էլիսա Ֆոն Եոտին-Ֆորկիյ, որ սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ, թէ հիմնարկը բազմիցս դժուարութիւններու եւ անել կացութիւններու առջեւ գտնուած է, ո՛չ թէ միայն թուրք եւ ազերի ներկայացուցիչներու դէմ յանդիման գալով, այլ նաեւ ներկայ հայ իշխանաւորներու, որոնք հեռու կը մնան իրականութենէն։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւնները կը կրկնեն թրքական ժխտողական խօսոյթը. Բան մը, որուն մասին կը նշուի Լեմքինի անուան ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Այս թեզերը միաժամանակ կը ձայնակցին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին, որ կ՛արդարացնէ զայն: Կրկնելով 1915-1923 թուականներու իրադարձութիւններու թրքական վարկածը` Հայաստանի վարչապետը, ըստ էութեան, Թուրքիան կ՛ազատէ Հայոց ցեղասպանութեան համար պատասխանատուութենէն` նսեմացնելով ճանաչման ուղղուած բոլոր նախկին ջանքերը: Բացի ատկէ, ատիկա կրնայ զգալիօրէն բարդացնել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելու շարունակական աշխատանքը։ Այս յայտարարութիւնները կ՛անտեսեն, ի թիւս այլոց, թուրք, գերմանացի, բրիտանացի, ամերիկացի եւ հայ գիտնականներու` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ տասնամեակներու պատմական հետազօտութիւնները, կը խոչընդոտեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու արդարութեան համար շարունակուող պայքարը եւ կը ստեղծեն վտանգաւոր աշխարհաքաղաքական ընթացք, յատկապէս Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայերու նկատմամբ ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սպառնացող շարունակական սպառնալիքներու ծիրին մէջ», եզրակացուց Էլիսա Ֆոն Եոտին-Ֆորկիյ, որ աւարտին մեծ յուզմունք պատճառեց, շեշտելով, թէ այս մրցանակը կը նուիրէ Արցախին (ան երբեք չգործածեց Ղարաբաղ եզրոյթը) եւ արցախահայութեան։

«Վահան Քարտաշեան» շքանշանը ստացաւ, աւելի քան վաթսուն տարիէ ի վեր Հայ Դատին եւ յատկապէս Ուաշինկթընի շրջանէն ներս գործած, Վիեթնամի պատերազմի վեթերաններէն՝ Փօլ Ճամուշեան, որուն բեմ հրաւիրեց շրջանի գործօն անդամներէն՝ Հրաչ Նաճարեան։ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան օրերէն սկսելով, ան պատմեց յուշեր, որոնք տպաւորեցին ներկաները։ «Գաղտնիք մը չէ, որ ըսեմ եւ շարունակ կրկնեմ, թէ ես երկրպագու մըն եմ Սողոմոն Թեհլիրեանի։ Աւելի չմանրամասնեմ։ Բոլորս ալ գիտենք, թէ այս հերոսը կոթողական արարք մը կատարած է», ըսաւ Ճամուշեան։

Նաեւ, «Վահան Քարտաշեան» շքանշան մը ստացաւ Հայ Դատի «ալֆան եւ օմեկան» Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի նախկին անդամ ՝ Կարօ Արմենեանը, որուն մասին կարճ, սակայն ազդեցիկ կենսագրականով մը, ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։

 Արմենեան յայտնեց, թէ բախտորոշ օրերու մէջ կ՛ապրին հայրենիքն ու հայութիւնը այսօր։ «Ակնյայտ է, որ Հայաստանը յայտնուած է աշխարհաքաղաքական բարդ ու դժուարին կացութեան մէջ, ուր արտաքին բոլոր ազդակները լարուած են իրեն դէմ։ Դժբախտաբար Անգարա եւ Պաքու դարձած են ինքնավստահ, ամբարտաւան եւ անզիջող` հայութեան նկատմամբ. Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ուժերը մեծապէս աշխուժացած են, որովհետեւ քաղաքական փոփոխութիւններու նախանշաններն նկատած են եւ դիմած են մրցակցական հեւքի։ Կացութիւն մը, որ կը հակադրուի Հայաստանի շահերուն ու մեր հայրենիքը անգամ մը եւս կը դարձնէ միջազգային կռուախնձոր», ըսաւ ան եւ աւելցուց, թէ հայութեան կը ստիպեն հրաժարիլ մեր անցեալէն, որպէսզի կառավարեն անորոշ ու մութ ապագան։ Արմենեան շեշտեց, թէ Արցախը հայկական պետականութեան գաղափարախօսական հիմքն էր տասնամեակներ շարունակ, եւ այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները նոր գաղափարական հիմքի փնտռտուքի մէջ են: «Մօտ ատենէն 90 տարեկան պիտի ըլլամ․․․ Գործը կը շարունակուի։ Հայ Դատը կը վերանորոգէ իր վճռակամութիւնը` մեր երկարաշունչ պայքարը յառաջ տանելու, հայութեան անժամանցելի իրաւունքները պահանջելու եւ Հայաստանն ու հայութիւնը իր թշնամիներէն պաշտպանելու համար», եզրակացուց ան:

Ապա, բեմ բարձրացաւ հանդիսութեան կազմակերպիչ մարմինի անդամ Արենի Մարկոսեան, որ վարժողական ծրագիրներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ան նշեց, թէ Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարեշրջանի «Լէօ Սարգիսեան» եւ «Մարալ Մելքոնեան – Աւետիսեան» վարժողական ծրագիրներուն մասնակցած են 11 ամերիկահայ համալսարանական ուսանողներ։

Արսէն Մարգարով ներկայացուց Հայ Դատի Յանձնախումբին «Յովիկ Աբօ Սաղտըճեան» յիշատակի «Capital Gateway» ծրագիրը, շեշտելով, որ երիտասարդ հայորդիներու համար առաջնահերթ է, նմանօրինակ ոլորտներու մէջ մուտք գործելը։

Աւարտին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անունով խօսք առաւ Ծովինար Համագործեան։ Ան շեշտեց, թէ պէտք է անպայման կերտել հայրենի եւ համահայկական ազգային առողջ ուժերու համախմբում` վերաթարմացնելով համազգային օրակարգը, նաեւ պաշտպանել Արցախի եւ արցախահայութեան իրաւունքները, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ համաշխարհային բեմերու վրայ։

«Համահայկական հոգածութեամբ վերականգնել մարտունակութիւնն ու պատրաստուածութիւնը հայկական բանակին, որ մեր լինելիութեան եւ անկախութեան միակ երաշխաւորն է. ամէն գնով կառչիլ մեր անկախ պետականութեան պահպանման նպատակին` քաջ գիտակցելով, որ իշխանութիւնները գնայուն են, իսկ պետութիւնը՝ մնայուն: Մենք անձեր չենք ներկայացներ։ Մենք խմբային աշխատանք կը տանինք, յանուն հայութեան եւ յաչս Հայ Դատին», եզրակացուց ան։

Նշենք, թէ այս ձեռնարկի ընթացքին, կատարուեցաւ աճուրդ: Այս առթիւ, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Նաեւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք  փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին: Յիշատակելի էր նաեւ, որ Հ․Հ․-ի մօտ,Ա․Մ․Ն․-ի նախկին դեսպան Ճոն Էվընզ, այս առթիւ, իր հայութեան վերաբերեալ հրատարակութիւններու հաւաքածոն նուիրած էր Հայ Դատին։

Share