Ի՜նչ հայրենադարձութիւն

Այս օրերուն, ընկերոջ մը հետ հայրենիքի մասին սրտցաւ զրոյցը յաճախ կը վերածուի ողբերգի ու ապա՝ զայրոյթի։ Երէկ այդ է որ պատահեցաւ երիտասարդ ընկերոջ մը հետ, որ կ՚ուսանի Քալիֆորնիայի լաւագոյն համալսարաններէն մէկուն մէջ։ Ուսանող ընկերս կը մասնագիտանայ քաղաքական գիտութիւններու կառավարման եւ հանրային վարչագիտութեան մարզերուն մէջ։

Որպիսութեան ու բարեմաղթութեան փոխանակումներէն ետք, մեր զրոյցը անմիջապէս կեդրոնացաւ Հայաստանի այսօրուան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մռայլ իրավիճակին վրայ։ Ուսանող ընկերոջս մօտ հիասթափութեան եւ յուսալքումի զգացումները ակներեւ էին։ Կար նաեւ զայրոյթը, մանաւանդ ի տես ներկայ իշխանաւորներու Թուրքիոյ քծնելու, Հայ Դատն ու Ցեղասպանութիւնը անգիտանալու եւ Սփիւռքը արհամարհելու գաղափարական ու վարքագծային դիրքորոշումներուն։

Պարպելէ ետք իր զայրոյթը, ուսանող ընկերս ըսաւ.- «Ի մօտոյ կ՚աւարտեմ ուսումս։ Կը ծրագրէի հայրենիք հաստատուիլ եւ իմ բոլոր կարողութիւններս, մասնագիտութիւնս, գիտելիքներս դնել ի սպաս մեր պետութեան։ Այս բոլոր եղածներէն ետք ա՚լ ի՞նչ հայրենադարձութիւն։ Ինչպէ՞ս կրնամ հայրենադարձ ըլլալ եւ ինչո՞ւ համար հաստատուիլ ու ծառայել հայրենիքի մը, որուն ղեկավարութիւնը լծուած է քանդելու մեր հաւաքական գոյութեան իմաստը, ազգային տեսլականները, պատմական առաքելութիւնը…։»

Պահ մը լուր էի ու մտածկոտ։ Ահաւասիկ նոր «իրապաշտութիւն» մը, որ սկսած է արդէն աստիճանաբար զարգանալ Սփիւռքահայուն մօտ։
Այո՛, նոր «իրապաշտութիւն», հայրենիքէն խզուելու «իրապաշտութիւնը», որու զարգացման աղբիւրը եւ գերագոյն պատճառը այսօրուան Հայաստանի ապազգային ու ապաշնորհ ղեկավարութիւնն է։
Հայրենասիրութեան խորհուրդներու պէտք չունէր ուսանող ընկերս։ Բայց իր մէջ զարգացող այս «իրապաշտութիւնը» թերի էր, կը հիմնուէր ժամանակաւոր ու անցողակի երեւոյթի մը վրայ, որ ինք «նիկոլիզմ» կ՚անուանէր։

Վիճեցրինք երկար՝ այս նոր «իրապաշտութեան» մասին։ Վերջաւորութեան բիւրեղացան մեր միտքերը, երբ միասնաբար մտաբերեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Սիմոն Վրացեանի անժամանցելի խորհուրդը – «Վարչակարգը գնայուն է, մնայունը հայրենիքն է»:

Համաձայն էինք։ Նիկոլն ու նիկոլիզմը մեր ազգային կեանքին մէկ զարտուղութիւն են։ Անոնք են գնայունը, մենք՝ միշտ մնայունը։
Նիկոլն ու նիկոլիզմը Հայաստանը չեն, մե՛նք ենք Հայաստանը։

Սփիւռքի համար հայրենադարձութիւնը այսօրուան պայքարի կոչն է՝ ընդդէմ ապազգայիններուն։

Հայրենադարձութիւն՝ ի հեճուկս նիկոլիզմի։ Հայրենադարձութիւն՝ ընդդէմ ապազգային ու թշնամիի գործակալ այսօրուան իշխանաւորներուն։

Սեդօ Պոյաճեան

Մարտ 29, 2021
Լոս Անճելըս

Share