Թարգմանչաց տօնախմբութիւն Օրէնճ Քաունթիի մէջ

Թարգմանչաց տօնախմբութիւն Օրէնճ Քաունթիի մէջ

Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ս. Թարգմանչաց Տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, հովուական այցելութիւն մը շնորհեց Օրէնճ Քաունթիի համայնքին եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց, ապա փոխանցեց տօնին յատուկ պատգամ մը։ Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը։

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքները, որոնք տեւեցին ամիս մը, հասած էին իրենց աւարտին եւ ահա՛ անմիջական Կիրակին կը բացուէր Եպիսկոպոսական Պատարագով, ինչ որ ծխական ամբողջ շրջանը ողողեց հոգեպարար ուրախութեամբ:

Այս առիթով նաեւ համայնքը գոհունակութեան օր մը ապրեցաւ՝ վայելելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնաբեր ներկայութիւնը։ Ս. Պատարագին ներկայ եղան պետական ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգային երեսփոխաններ, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը, աշակերտներ, որոնք հաւատացեալ հոծ բազմութեան հետ միատեղ մասնակից ու հաղորդակից դարձան Առաջնորդ Սրբազանի կողմէ արտասանուած պատգամին, օրուան մեսրոպաշունչ խորհուրդին:

Իր խօսքին մէջ Թորգոմ Եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ միջամտութեամբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետին կարելի եղաւ կատարել բոլոր դարերու մեծագոյն հրաշքը՝ հայկական գիրերու գիւտը, Հայաստանի Վռամշապուհ Թագաւորի եւ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի անմիջական օգնութեամբ: Պետական եւ հոգեւոր բարձրադիր անձնաւորութիւններուն հիմնական առաջադրանքն էր Աստուծոյ խօսքը՝ Աստուածաշունչ Մատեանը, մեր ժողովուրդին պատգամել իրեն իսկ հարազատ հայերէն լեզուով եւ ուրեմն հայոց գիրերը հնարելու աշխատանքը անոնք վստահեցան գիտական մտքի տէր Մաշտոց Վարդապետին, որ Երկինքի օգնութեամբ իր ազգին եւ հետագայ բոլոր դարերուն համար հրաշագործեց հայկական գիր ու դպրութիւն, գրաւոր լեզու ու մշակոյթ: Այսպէս նաեւ` Հայկեան զաւակներուն փոխանցուեցաւ Աստուծոյ խօսքը հայերէնով, իսկ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը այնքան շքեղօրէն կատարուեցաւ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն կողմէ, որ կոչուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»:   

Ս. Պատարագի աւարտին, Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին հայ մշակոյթի ամսուան նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր: Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Ազգ. վարժարանի մեծ ընտանիքը եւ յարատեւ վերելք ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց հայ-քրիստոնեայ նոր սերունդի պատրաստութեան նուիրուած կրթական այս հիմնարկի բազմաճիւղ առաքելութեան:

Share