ՎԵՐԱՄՈՒՏ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ

Հաղորդագրութիւն
Ամառնային դադարէ ետք, Երկուշաբթի, 19 Օգոստոսին, մեր Ազգային Վարժարանները իրենց դուռները պաշտօնապէս պիտի վերաբանան, ընդունելու համար մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդական կարգի աշակերտներ, ուր հայ, հոգեւոր, ազգային ու մշակութային աւանդներով եւ առողջ մթնոլորտի մէջ պիտի դաստիարակուի մեր նորահաս սերունդը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմիս հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ, վերամուտը պիտի կատարուի աղօթքով եւ բացման արարողութիւններով։
Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի, Մարի Գապայեան նախակրթարանի եւ ՀՕՄի Աշխէն Փիլաւճեան մանկամսուրի բացման արարողութեանց եւ իր օրհնութեամբ պիտի բանայ ուսումնական տարեշրջանը։
Վերամուտի առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը յատուկ պատգամ մը յղած է Ազգային Վարժարաններուն, զոր բացման արարողութեան հոգեւոր հովիւները պիտի ընթերցեն։
Նշենք, որ Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարանի առաջին դասարաններուն վերամուտը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 14 Օգոստոսին։
Վերամուտի առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը, այցելեց Շամլեան Ազգ. վարժարան եւ դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան, դաստիարակներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն կողմէ։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերանար Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն եւ վարժարանի կրօնի դասատու՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան։
Ապա ծնողները հաւաքուեցան վարժարանի ճաշասրահին մէջ։
Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց առաջին դասարանի աշակերտներու ծնողներուն եւ վարժարանի պատասխանատուներուն։
Իր կարգին, վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Վազգէն Մատէնլեան բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկայ ծնողներուն եւ վստահեցուց որ իրենց զաւակները լաւ կրթութիւն պիտի ստանան մեր վարժարանէն ներս։
2.55 chanel bags on huge discount
2.55 chanel bags on huge discount
Ձեր մեկնաբանութիւնը